Խորհրդածութիւններ` ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով (Գ.) – Համաթուրանականութիւնը Վտանգ` Հայրենիքի Եւ Ազգի Գոյութեան Համար

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

2020 թուականի աշնան հայութեան կրած քաղաքական եւ զինուորական պարտութիւնը, անկէ ետք բուն Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն մասերու բռնագրաւումը, ապա 19-20 սեպտեմբեր 2023-ի ազրպէյճանական ահաբեկչական յարձակումն ու Արցախի ամբողջական յանձնումն ու հայաթափումը աներկբայօրէն ցոյց տուին, որ ազգովին գործ ունինք մեր պետականութեան եւ կովկասեան շրջանին մէջ մեր գոյութեան սպառնացող վտանգի մը հետ, որ աւելի եւս յարձակողապաշտ բնոյթ սկսած է ստանալ:

Անիկա համաթուրանական ցեղապաշտ գաղափարախօսութեան վտանգն է, որ նոր դրսեւորումներով ինքզինք կը բացայայտէ, իսկ 2020-ի իրադարձութիւններէն ետք կ՛արտայայտուի գլխաւորաբար Թուրքիա-Ազրպէյճան հետզհետէ ամրապնդուող դաշինքով: Հայութեան դէմ համաթուրանականութեան ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան սպառնալիքը շուրջ 110 տարուան պատմութիւն ունի` Հայոց ցեղասպանութեան օրերէն: Այդ գաղափարախօսութիւնը կը միտի մէջտեղէն վերցնել կամ առնուազն չէզոքացնելով մեկուսացնել հայկական գործօնը` թրքացեղ ժողովուրդներուն միջեւ կապերը աւելի եւս սերտացնելու ճամբուն վրայ: Իսկ ով որ կ՛ըսէ, թէ կովկասեան շրջանին մէջ հայկական եւ թրքական (Թուրքիա-Ազրպէյճան) շահերը կրնան տեղ մը հանդիպիլ ու համընկնիլ, ան մեծ թիւրիմացութեան մէջ կը գտնուի, որովհետեւ թէ՛ քաղաքական առումով, թէ՛ քաղաքակրթական հեռահար նպատակներու առումով հայութեան եւ թրքութեան ճամբաները անհամատեղելի են: Հայութիւնը այս առումով պէտք է դասեր քաղէ անցնող  դարու իրադարձութիւններէն: Հայութենէն աւելի հաւատարիմը չկար օսմանեան սահմանադրութեան գաղափարներուն նկատմամբ, «Ազատութիւն, եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն» կարգախօսին նկատմամբ: Բայց արդիւնքը ի՞նչ էր: Կարճատեւ յարաբերական ազատութիւններէ եւ ժողովրդավարական գինովութենէ ետք` հայ ազգի արեւմտահայ հատուածի արմատախլումը եւ ի սպառ ոչնչացումի փորձը… Այս իմաստով ալ, Ցեղասպանութեան իրադարձութիւններէն աւելի քան մէկ դար ետք, աւելի քան որեւէ ժամանակ մեր պետական, քաղաքական եւ ազգային միտքը պէտք է զգօն ըլլայ եւ չտարուի պատրանքներով:

Այստեղ կ՛ուզենք վերադառնալ նախորդ յօդուածին մէջ մեր կատարած ակնարկութիւններուն` Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան դարաշրջան»-ի սկզբնաւորութեան հարցին: Երեւակայենք, որ մօտիկ ապագային թէ՛ Ազրպէյճան-Հայաստան եւ թէ՛ Թուրքիա-Հայաստան ուղղութիւններով, այսպէս կոչուած, «յարաբերութիւններու կարգաւորման» գործընթացները իրականացան: Սա կը նշանակէ՞, որ ամէն հարց լուծուած է, եւ` նոր էջ մը բացուած: Բացարձակապէ՛ս, բացարձակապէս ո՛չ: Որովհետեւ, ինչպէս վերը նշեցինք, թրքութեան եւ հայութեան` իբրեւ քաղաքական գոյացութիւններ, բռնած ճամբաները անհամատեղելի են: Եթէ վաղն իսկ յարաբերութիւնները բնականոնանան մեր երկու թշնամի դրացիներուն հետ, ճամբաները բացուին, առեւտուր սկսի զարգանալ, մեր մտքէն պէտք չէ հանենք այն միտքը, որ մեր պայքարը թրքութեան հետ նախ եւ առաջ քաղաքակրթական պայքար է, եւ անիկա պէտք է շարունակուի, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը իրականանայ, եւ վերջաւորութեան միայն ու միայն ճշմարտութիւնը պիտի իրականանայ:

Եւ պէտք չէ մտահան ընենք նաեւ, որ մեր խնդիրը թրքութեան հետ չսկսաւ շուրջ հարիւր տարի առաջ, այլ սկսած է շուրջ հազար տարի առաջ: Այն օրէն, երբ Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ յայտնուեցան վաչկատուն ցեղախումբեր` Կեդրոնական Ասիայէն եկած: Բայց անոնք ժամանակի ընթացքին նստակեաց ժողովուրդներու վերածուեցան, եւ մեր հարցը երբեք ժողովուրդներուն հետ չէ, որքան` ժողովուրդները առաջնորդող քաղաքական ցեղապաշտ գաղափարախօսութիւններուն հետ, որոնք իրենց ներշնչումը կը ստանան սելճուքներու սուլթան Ալփասլանի, ագգոյունլուներու ցեղապետ Ուզուն Հասանի եւ Օսմանեան կայսրութեան սուլթան Մեհմեթ Ֆաթիհի արիւնոտ տիրակալութիւններէն: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ինք քանի մը առիթներով խօսած է այն մասին, որ Թուրքիան պէտք է մեծ շուքով նշէ Մանազկերտի մէջ սելճուքներուն կողմէ բիւզանդացիներուն դէմ տարուած յաղթանակին 1000-ամեակը…

Համաթուրանական գաղափարախօսութեան վտանգը մեծապէս լուրջի պէտք է առնել: Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը ուղղակի ջատագով է իսլամական գունաւորումով Օսմանեան կայսրութեան փառքի օրերու վերականգնման: Քոալիսիոն դաշինքի մէջ է զուտ համաթուրանական Գորշ գայլեր ցեղապաշտական կազմակերպութեան քաղաքական թեւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ: Ոմանք կ՛ըսեն, որ նոր-օսմանականութիւնը եւ համաթուրանականութիւնը տարբեր-տարբեր բաներ են, բայց իրականութեան մէջ այդ տարբերութիւնը նրբերանգային է պարզապէս, երկուքն ալ կը խմեն միեւնոյն ակէն: Իսկ Ազրպէյճանի խանական, բռնատիրական ալիեւեան քլանը, օգտուելով 2020-ի պատերազմէն առաջ եւ ետք Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճանին տրամադրուած անսահմանափակ աջակցութենէն, իր կարգին Ազրպէյճանը տարաւ դէպի յաւելեալ թրքական կողմնորոշում, դէպի յաւելեալ ենթակայութիւն Թուրքիայէն` զինուորապէս եւ քաղաքականօրէն: Ատոր նպաստեց նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու հիմք հանդիսացող «Մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն» կարգախօսը, ինչպէս նաեւ` 2021-ին երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ Շուշիի մէջ ստորագրուած «Շուշիի հռչակագիր»-ը: Ներկայիս Ազրպէյճանի մէջ համաթուրանական հռետորաբանութիւնը հետզհետէ յաւելեալ թափ կը ստանայ:

Մեզի` Հայաստանի եւ հայութեան համար,  առանձնակի վտանգ կը ներկայացնէ 9 նոյեմբեր 2020-ի անձնատուական յայտարարութեան 9-րդ կէտը, ուր կը խօսուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման կամ «ապաշրջափակման», բուն Ազրպէյճանի եւ, այսպէս կոչուած, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ կապ ստեղծելու մասին: Ոմանք կ՛ըսեն, որ անցեալ տարուան սեպտեմբերեան իրադարձութիւններէն ետք այլեւս գոյութիւն չունի 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութիւնը: Բայց ամէն անգամ որ իրադարձութիւն մը արձանագրուի Հայաստան-Ազրպէյճան կարգաւորման բանակցութիւններուն ուղղութեամբ, յանկարծ դարձեալ յղում կը կատարուի այս չարաբաստիկ յայտարարութեան, ընդ որում` Պաքուի բռնատէրը իւրովի կը մեկնաբանէ այդ յայտարարութեան 9-րդ կէտը` խօսելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մը մասին: Եթէ իրականացուի «Զանգեզուրի միջանցք»-ի ծրագիրը այնպէս, ինչպէս որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանի բռնատէրը ծրագրած են, եւ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն այս հարցին մէջ զիջումի երթան, բացի անկէ, որ կրնայ վտանգուիլ հայկական գերիշխան հսկողութիւնը Հայաստանի հարաւային սահմանին վրայ, նաեւ ասիկա առիթ կ՛ըլլայ, որ համաթուրանական ծրագիրը իրականանայ Սիւնիքի սեպը մէջտեղէն վերցնելու իմաստով: Բայց նաեւ այստեղ նշենք, որ առանց «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին յղում կատարելու ալ, հիմա Ազրպէյճանի մէջ պետականօրէն զօրաւոր համաթուրանական քարոզչութիւն կը կատարուի ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը նկատելու, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ազրպէյճան»:

Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 133-ամեակին անդրադառնալու ծիրին մէջ, երբ կը խօսինք կուսակցութեան օրակարգին մասին, ահաւասիկ գլուխը կը ցցէ գոյութենական առումով վտանգներու վտանգը, որ կը սպառնայ հայկական պետականութեան գոյութեան: ՀՅ Դաշնակցութիւնը հակաթուրք պայքարի հսկայական եւ ուսանելի պատմութիւն մը ունի: Բայց պէտք է ընդունիլ, որ այդ հակաթուրք պայքարը դիմագիծ փոխած է ներկայիս, եւ այլեւս չի ներկայանար իբրեւ մէկ պետութեան` Թուրքիոյ վարած ցեղապաշտ եւ հակահայ քաղաքականութիւններուն դէմ պայքար, այլ քաղաքական եւ քաղաքակրթական առումով ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան մը դէմ` համաթուրանականութեան դէմ պայքար: Եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պէտք է համապատասխան գաղափարաբանական գործիքակազմը գտնէ` այս ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան դէմ պայքարելու:

Համաթուրանական Վտանգներու Յաղթահարումը` Համահայկական Գաղափարախօսութեամբ

Ակնարկեցինք արդէն, որ 133-ամեայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կարիքը ունի անհրաժեշտ գաղափարաբանական եւ քաղաքական գործիքակազմերը մշակելու` Հայաստանի եւ հայութեան դէմ գոյութենական վտանգ հանդիսացող համաթուրանական ցեղապաշտական գաղափարախօսութեան դէմ: Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հիմնական յենասիւները` ազգայնութիւնը, յեղափոխականութիւնը, ընկերվարութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը,  վստահաբար իրենց այժմէականութիւնը չեն կորսնցուցած եւ տեսանելի ապագային ալ իրենց դերակատարութիւնը պիտի ունենան Դաշնակցութեան գործին գաղափարական ուղին տալու հարցին մէջ: Բայց մանաւանդ անցեալ տարուան արցախեան կորուստէն ետք, ինչպէս` Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներէն ետք, կարիքը կը զգացուի այդ սպառնալիքներուն դէմ դնելու գաղափարաբանական հիմնասիւնի մշակման:

Իբրեւ 133-ամեայ պատմութիւն եւ պայքարի փորձ ունեցող կուսակցութիւն` մասնաւորաբար հակաթուրք պայքարի մարզին մէջ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ինչո՞վ կրնայ հակադրուիլ համաթուրանականութեան: ՀՅԴ Ծրագիրը շատ ընդհանուր կէտերու մէջ անդրադարձած է հայկական առողջ ազգայնութեան կամ ազգային գաղափարախօսութեան հարցին` կարեւորութեամբ շեշտելով հայութեան համար ազգի եւ հայրենիքի գաղափարներուն առաջնայնութիւնը, բայց ազգային գաղափարախօսութիւնը, այնպէս, ինչպէս որ կայ, կարիքը ունի յաւելեալ պարզաբանման եւ յաւելեալ ընդարձակման: Գաղափարաբանական այն դրոյթը, որով հայութիւնը կրնայ դէմ դնել իր թշնամիներու սպառնալիքներուն, ՀՅԴ-ի ժամանակակից պատմութեան մեծագոյն գաղափարախօսներէն` նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի կողմէ կոչուած է ԱՐՄԵՆԻԶՄ, իսկ մենք հայկականացնելով եզրը եւ մինչեւ հիմա գոյութիւն ունեցածին գաղափարաբանական երանգ տալով` զայն կը կոչենք ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Բայց` այստեղ ուշադրութի՛ւն: Եթէ համաթուրանականութիւնը իր էութեամբ ծաւալապաշտական գաղափարախօսութիւն է, համահայկականութիւնը զերծ է ծաւալապաշտական որեւէ նկրտումէ: Եթէ համաթուրանական ախորժակները կը սկսին Պալքաններէն եւ չեն վերջանար Չինաստանի ույղուր թուրքերով բնակեցուած Քսինեանկ նահանգով, ապա համահայկականութեան նպատակը, մանաւանդ հայութեան կրած վերջին կորուստներէն ետք, նախ գոյութիւն ունեցածը պահպանելն է, յետոյ, հայութեան ողնաշարը շտկելէ ետք, Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ ազատ, անկախ եւ արժանավայել գոյացութիւն մը ունենալը` վերականգնելէ ետք պատմական արդարութիւնը: Եւ երբ «պատմական արդարութիւն» կ՛ըսենք, սա չի նշանակեր, որ աչք ունինք ուրիշի հողերուն վրայ, որովհետեւ Հայկական Բարձրաւանդակի միայն մէկ մասին վրայ ստեղծուելիք սեւրեան միասնական Հայաստանի արեւմտեան հողերուն վրայ Ցեղասպանութենէն առաջ արդէն հայեր կ՛ապրէին, հայապատկան էին անոնք` անկախ ուրիշի տիրապետութեան տակ ըլլալու իրականութենէն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ժամանակ, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան մթնոլորտին մէջ, ազգային միասնութեան աննախընթաց մթնոլորտի մը մէջ ընդունուեցաւ «Համահայկական հռչակագիր»-ը, որ հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պետականօրէն ընդունուած փաստաթուղթով կ՛ուրուագծէր հայութեան իրաւական պահանջները ցեղասպան թշնամիէն եւ կը խօսէր Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն վերացման մասին: 2018-ի «յեղափոխութեան» առաջին ժամանակաշրջանին շատ ամչկոտ շեշտով կը վկայակոչուէր այդ փաստաթուղթը նոր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, եւ շուտով անիկա ամբողջութեամբ մոռացութեան մատնուեցաւ: Հայ ազգը` իբրեւ իր իրաւունքներուն վերականգնման համար պայքարող հաւաքականութիւն, պէտք է ամէն գնով կառչած մնայ այդ փաստաթուղթին` «Համահայկական հռչակագիր»-ին, անիկա պէտք է դառնայ հայութեան ազգային գաղափարախօսութեան` համահայկականութեան հիմքը: Նկատի ունենալով նաեւ, որ այն ժամանակ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ «Համահայկական հռչակագիր»-ի մշակման մէջ, անոր վերստին շրջանառութեան մէջ դրուիլը կը ստանայ իւրայատուկ կարեւորութիւն: Այս իմաստով հայ յանձնառու մտաւորականութիւնը մեծ առաքելութիւն ունի կատարելիք` այդ հռչակագիրը մոռացութենէ փրկելու առումով:

Մինչեւ մօտիկ անցեալ մենք համազգային առումով ունէինք Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը, հետեւաբար հայ ազգային հռետորաբանութիւնը շեշտը կը դնէր այս եռամիասնութեան ամրապնդման վրայ` իբրեւ հայութեան դիրքերու հզօրացման գրաւականի: Բայց հիմա իրերայաջորդ յայտնի իրադարձութիւններուն պատճառով Արցախը դժբախտաբար ջնջուեցաւ եռամիասնութեան այդ հասկացողութենէն: Ուստի ուրեմն համահայկականութեան գաղափարախօսութեան հիմնական առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ աշխատիլ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի դիրքերու հզօրացման վրայ: Ընդ որում, պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստանը եւ սփիւռքը թէեւ զիրար փոխլրացնող են, եւ անհրաժեշտութեան պարագային, սփիւռքը պիտի շարունակէ զօրաւոր թեւ ու թիկունք կանգնիլ հայրենիքին, սակայն սփիւռքը նաեւ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը ունի, մանաւանդ` աւանդական արեւմտահայ սփիւռքը, եւ ամէն գնով, մանաւանդ` համահայկական ռազմավարութեան ծիրին մէջ, պէտք է տէր կանգնիլ այս իւրայատուկ ինքնութեան, զօրացնել զայն եւ վերակազմակերպել աւանդական սփիւռքը, որ հետեւանք է Ցեղասպանութեան: Պահելով մեր արեւմտահայ ժառանգութիւնը` յաւելեալ հարստացուցիչ ազդակ մը կը հանդիսանանք ապագային մշակուելիք համահայկական օրակարգին:

Համահայկականութիւնը ինքնին յառաջդիմական քաղաքակրթական գաղափարաբանական ուղղութիւն մըն է եւ դէմ է ազգային բացառիկութեան կամ կրօնական յետադիմութեան որեւէ դրսեւորումի: Այս ուղղութիւնը իր ներշնչումը կը ստանայ հայ ազգի հազարամեակներու քաղաքակրթական ժառանգութենէն եւ լուսաւոր, յառաջդիմական  փորձէն` նոր շունչով եւ ազգային վերականգնումի վառ յոյսերով ուղղուելու համար դէպի ապագայ: Արցախի կորուստը վերջակէտ մը չէ երբեք: Անպայմա՛ն, անպայմա՛ն, անպայմա՛ն ազգային մեծ վերականգնումը պիտի ըլլայ: Բայց այդ վերականգնումը պիտի ըլլայ, եթէ հայութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ համախմբուի համահայկականութեան օրակարգի շուրջ:

Այդ օրակարգը մշակողը եւ զանոնք յառաջ տանողը անկասկած Դաշնակցութիւնը կրնայ ըլլալ, ինչպէս ասկէ առաջ ալ ըրած է, ինպէս, օրինակ, «Համահայկական հռչակագիր»-ին պարագային: Կարեւորը` համահայկականութեան գաղափարախօսութեան հիմնական յենասիւներէն մէկը ըստ կարելւոյն ազգային ամէնէն լայն համախմբումը ապահովելն է: Նաեւ կայ ցանցային աշխատանքին կարեւորութիւնը` Հայաստան եւ սփիւռք, համահայկական կազմակերպութիւններուն միջեւ առաւելագոյն համագործակցութեան ապահովումը եւ մասնագիտական փորձառութիւններու փոխանակումը: Նաեւ այստեղ անհրաժեշտ է մեր գոյութեան սպառնացող վտանգներուն ուսումնասիրութիւնը:

Վերը նշուած բոլոր կէտերով համահայկական ազգային գաղափարախօսութեան մշակման միջոցով մենք հիմքը կը դնենք համաթուրանական վտանգին արդիւնաւէտ դիմակայման: Եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իբրեւ հայ ազգային իղձերու հետապնդման յառաջատար քաղաքական ուժ, կրնայ շարժիչ ուժը ըլլալ նաեւ համահայկականութեան գաղափարական ուղղութեան` բազմակարծութիւնը յարգելու մթնոլորտի մէջ իր շուրջ համախմբելով ազգի առողջ ուժերը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Համախմբելու դերակատարութիւնը ստանձնելով` Դաշնակցութիւնը վերադարձած կ՛ըլլայ իր հիմնադրութեան առաջին տարիներու առողջ աւանդներուն եւ ակունքներուն:

 

 

 

Comments are closed.