Խորհրդածութիւններ` ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով (Բ.) – Երկու Հակադիր Ուղղութիւններ, Որոնցմէ Միայն Մէկուն Ճշմարտութիւնը Պիտի Հաստատուի

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Դէպի իրական արդիականացում երթալու ճամբուն վրայ Հայաստանի եւ հայ ազգին առջեւ ներկայիս գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը քաղաքական մակարդակի վրայ այն երկփեղկումն ու պառակտումն է, որ յառաջացաւ 2018-ի իշխանափոխութենէն ետք, եւ որ աւելի եւս խորացաւ 2020-ի զինուորական ու քաղաքական պարտութենէն ի վեր:

Փաստօրէն հիմա հայ կեանքը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բաժնուած է երկու հակադիր հոսանքներու, ուղղութիւններու, որոնց միջեւ հասարակաց եզրեր դժուար թէ գտնուին: Այդ հոսանքներէն մէկը պայմանականօրէն կրնանք նկատել իշխանութիւններու եւ այդ իշխանութիւններուն ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն սատարող, անոնց դիրքորոշումներուն մասամբ թէ ամբողջովին մօտ քաղաքական ուժերու որդեգրած ուղղութիւնն է: Այս հոսանքը, մանաւանդ 9 նոյեմբեր 2020-ի անձնատուական  եւ յանձնուողական յայտարարութենէն ետք, որդեգրած է, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան» օրակարգ, որուն նորագոյն դրսեւորումը Հայաստանը շրջանային կայունութեան կեդրոնի վերածող «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրն է: Միւս հոսանքը նորէն պայմանականօրէն կրնանք նկատել ընդդիմադիր ազգային ուժերու ուղղութիւնը, որուն շարժիչ ուժերէն մէկն է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ ահաւասիկ երեք տարիներէ ի վեր իր ազգային ու քաղաքական ամբողջ կշիռը ի սպաս դրած է հայ ազգը դուրս հանելու իր թմբիրէն եւ յուսահատութեան վիճակէն: Ազգային ուժերու ուղղութիւնը կը նպատակադրէ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւններուն հեռացման եւ երկրի արտաքին քաղաքական ուղղուածութեան սրբագրման միջոցով շտկել հայ ազգի մէջքը եւ երկրին վերահզօրանալու առիթ ընձեռել, ինչպէս նաեւ` Արցախի կորուստէն եւ արցախահայութեան հայրենահան ըլլալէն ետք կանխել որեւէ նոր զիջում, որուն կրնան դիմել Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները` իրենց սեփական օրակարգը առջեւ տանելու համար:

Իրականութեան մէջ դժբախտութիւն է, որ պառակտումի այն խոր վիհը գոյութիւն ունի հայ կեանքին մէջ, եւ որ իր քանդիչ բնոյթը ամէն օր քիչ մը աւելի զգալի կը դարձնէ: Որեւէ զարգացած երկրի պարագային ասիկա զարտուղի եւ անբնական երեւոյթ կրնար նկատուիլ, որովհետեւ այդպիսի երկիրներու պարագային դասական իշխանութիւնը եւ դասական ընդդիմութիւնը սկզբունքով զիրար  փոխլրացնող գործառոյթներ ունին, ընդդիմութեան առաջարկները յաճախ կ՛ընդունուին իշխանական գործընկերներու կողմէ: Բայց եկուր տես, որ պառակտումի այս ամբողջ մթնոլորտը, իր ամբողջ ժխտականութեամբ, ստեղծուեցաւ եւ խորացաւ մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ցաւոտ պարտութեան եւ յանձնումի մթնոլորտին մէջ: Ուրիշ երկիրներու մէջ այն կառավարութիւնը, որուն իշխանութեան ժամանակաշրջանին նման կորուստներ կ՛արձանագրուին, ինքնաբերաբար կը հրաժարի եւ ճամբայ կը բանայ ընդդիմադիր ուժերուն դիմաց, որպէսզի անոնք ստանձնեն ղեկը յաջորդ փուլին, կամ ալ, լաւագոյն պարագային, ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն կը կազմուի: Բայց այսպէս չեղաւ Հայաստանի պարագային` վարչապետի պաշտօնը վարող անձ Նիկոլ Փաշինեանի անձնակեդրոն հակումներուն պատճառով:

Պէտք է խոստովանիլ նաեւ, որ իշխանութիւնները որոշ ժողովրդականութիւն կը շարունակեն վայելել հայրենիքի մէջ, եւ ասիկա` հակառակ ազգային գետնի վրայ եւ մանաւանդ Արցախի մէջ մեր ունեցած բոլոր կորուստներուն: Առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով յաջողութիւն չունեցան ազգային ընդդիմադիր ուժերուն` այն բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ շարժումները, որոնք կը նպատակադրէին  փողոցային պայքարի միջոցով իրականացնել իշխանութիւններու հեռացումը: Իշխանութիւններ, որոնց  գործելաձեւը աղէտաբեր է ոչ միայն ազգային մակարդակի վրայ, այլ նաեւ ընկերային-տնտեսական մակարդակի վրայ` իր հակաընկերային, հակաժողովրդական եւ վայրագ ազատական-դրամատիրական բնոյթին պատճառով:

Մէկ-երկու խօսք ալ, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան» օրակարգին մասին, որ գրեթէ ամէն օր կը շեփորահարուի իշխանութիւններուն կողմէ: Սխալ է այն տպաւորութիւնը, որ իշխանութիւնները խաղաղութեան մարդիկն են, իսկ ազգային ընդդիմութիւնը եւ մանաւանդ դաշնակցականները խաղաղութեան դէմ են, ընդհակառակն, դաշնակցականները հետն են խաղաղութեան, դաշնակցականները խաղաղութեան հասկացողութեան ծնողներն են, հայրն ու մայրն են: Բայց ինչպիսի՞ խաղաղութիւն` համաթուրանական ցեղապաշտ գաղափարախօսութեան կրող մեր երկու դրացիներուն հետ: Ասիկա գլխաւոր հարցումն է, որուն պատասխան պէտք է տայ հայ քաղաքական միտքը յառաջիկայ փուլին: Վստահաբար` ոչ այն խաղաղութիւնը, որ կը հաստատուի ի գին ազգային արժանապատուութեան եւ ազգային ու պատմական իրաւունքներու զիջման, այլ` արդար խաղաղութիւնը, արժանապատիւ խաղաղութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեանը 2018-ի իշխանափոխութենէն անմիջապէս ետք իր կուսակցութեան` Քաղաքացիական պայմանագիրի մէկ ժողովին յայտարարեց, որ այդ կուսակցութիւնը իզմերու չի հետեւիր: Սա որոշ չափով իրականութիւն մըն է, որովհետեւ այդ խմբաւորումին անգաղափար ըլլալը եւ միայն անձի շուրջ համախմբուած ըլլալը անցնող ժամանակաշրջանին ապացուցուեցան բազմաթիւ առիթներով: Այո՛, անգաղափար, անգոյն խմբաւորում մըն է, որ, այսպէս կոչուած, «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք իշխանութեան հասաւ սպասարկելու համար իր ձեւափոխումը ապրած թաւշեայ-դրամատէր նոր սակաւապետութեան շահերը: Այս խմբաւորումին գաղափարական մերկութիւնը պէտք է ցոյց տալ անտեղիտալի գաղափարական եւ քաղաքական պայքարի միջոցով, որուն առաջնորդողներէն մէկը պէտք է ըլլայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ ունի ընկերային-տնտեսական գաղափարական յստակ առաջադրանքներ: Այդ առաջադրանքներով պէտք է երթալ ժողովուրդին եւ ժողովրդական լայն խաւերը համոզել Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած տնտեսական քաղաքականութիւններուն անհեռանկարայնութեամբ:

Ուրեմն, 134-ամեակը թեւակոխող ՀՅ Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ փուլին, իբրեւ ազգային ընդդիմադիր հոսանքի շարժիչ ուժ, մեկնելով իր ազգային, ընկերվարական եւ ժողովրդավարական գաղափարախօսութենէն, ունի հիմնական երեք գլխաւոր առաքելութիւններ, եւ այս առաքելութիւնները պէտք է յաջողութեամբ իրագործուին: Ամէն գնով կանխել որեւէ հաւանական յաւելեալ զիջում մեր ազգային իրաւունքներէն, գաղափարական անտեղիտալի պայքար մղել անգաղափար, ապագաղափարական իշխող քաղաքական ուժին դէմ ու մօտենալ ժողովրդային-ընկերային խաւերուն` անոնց հարցերը որդեգրելով ու իրը դարձնելով, ինչպէս նաեւ` անտեղիտալի պայքար մղել երկրին սահմանադրութիւնը փոխելու կամ նորը մշակելու բոլոր փորձերուն դէմ, որոնք կը միտին երկրի հիմնական օրէնքի մուտքէն վերցնել որեւէ նշում Անկախութեան հռչակագիրին, կամ երկիրը տանիլ դէպի աւելի մենատիրական ու հակաժողովրդավարական կարգեր` որդեգրելով կիսանախագահական կամ նախագահական կառավարման դրութիւնը:

Համոզուած ենք, որ 133-ամեայ Դաշնակցութիւնը այս առաքելութիւնները կրնայ իրագործել, եթէ ընդդիմադիր լուրջ համախմբում ձեւաւորուի, իսկ այս առաջադրանքները արժանանան ժողովրդային լայն խաւերու հաւանութեան: Վերջ ի վերջոյ համոզուած ենք նաեւ, որ հիմակուան անբաղձալի երկփեղկումի երկու ուղղութիւններէն միայն մէկուն ճշմարտութիւնը վերջաւորութեան պիտի հաստատուի: Այն ուղղութիւնը, որ կը խօսի ազգային-պետական շահերը գերադասելու մասին, եւ ոչ թէ` այն ուղղութիւնը, որ պետական շահերը կը հակադրէ ազգային շահերուն:

Յօդուածին Ա. մասը կարդալ այս յղումով.

 

Comments are closed.