Ինչ Ըսել է «ՀՀ-ն Պատրաստ է Հայաստան-ազրպէյճան 1991 Թուականի Սահմանային Գիծի Ողջ Երկայնքով Զօրքերը Ետ Քաշելու Ապահով Հեռաւորութեան Վրայ». Դիտարկում

Ռազմավարական հետազօտութիւններու հայկական կեդրոնի ղեկավար
Ալվինա Աղաբաբեան կը գրէ․

Եկէք հասկնանք՝ ինչ ըսել է «ՀՀ-ն պատրաստ է Հայաստան-ազրպէյճան 1991 թուականի սահմանային գիծի ողջ երկայնքով զօրքերը ետ քաշելու ապահով հեռաւորութեան վրայ»։

Ատիկա կը նշանակէ․

-ազրպէյճանին տալ Արարատի մարզի Տիգրանաշէն գիւղը իր շրջակայ տարածքներով եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Թեժքար լեռը, ուրկէ թշնամին ուղիղ նշանառութեան տակ կ՝առնէ ողջ Արարատեան դաշտավայրը իր գիւղերով,

-ազրպէյճանին տալ Տաւուշի մարզէն զգալի հատուած,

-Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Արարատի, Գեղարքունիքի ու Տաւուշի մարզերու 70 բնակավայր դնել գոյաբանական վտանգի տակ, մասնաւորապես՝

․մասամբ կամ ամբողջովին չէզոք գօտիի (նետրալկայի) վերածուիլ կամ ամբողջութեամբ թշնամիին տալ ներկայ առաջնագիծէն մինչև 1 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող 34 բնակավայր (նկարներուն մէջ նշուած են կարմիր նշանով)՝

․18-ը Սիւնիքի մէջ՝ Ներքին Հանդը, Ճակատենը, Գեղանուշը, Գոմարանը, Կապանը, Սիւնիքը, Դիցմայրին, Դաւիթ Բեկը, Ձորակը, Վանանդը, Շուռնուխը, Որոտանը, Այգեձորը, Ներքին Խնձորեսկը, Կոռնիձորը, Արաւուսը, Խնացախը, Խոզնաւարը,․ ․1-ը Վայոց Ձորի մէջ՝ Բարձրունին,

․2-ը Արարատի մէջ՝ Երասխը, Տիգրանաշէնը,

․13-ը Տաւուշի մէջ՝ Բերքաբերը, Բաղանիսը, Այգեպարը, Պառաւաքարը, Այգեհովիտը, Կայանը, Ազատամուտը, Դիտաւանը, Կիրանցը, Ոսկեպարը, Վերին Ոսկեպարը, Դովեղը, Բերդաւանը

․մասամբ չէզոք գօտիի վերածել կամ թշնամիի ԶՈւ ուղիղ նշանառութեան եւ վերահսկողութեան տակ դնել ներկայիս առաջնագծէն մինչեւ 1-2․5 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող 36 բնակավայր (նկարներուն մէջ նշուած են դեղին նշանով)՝

․ 11-ը Սիւնիքի մէջ՝ Սրաշէնը, Շիկահողը, Ագարակը, Խդրանցը, Եղուարդը, Ուժանիսը, Նոր Առաջաձորը, Կաղնուտը, Կարմրաքարը, Տեղը, Վաղատուրը,

․ 7-ը Վայոց Ձորի մէջ՝ Նոր Ազնաբերդը, Խնձորուտը, Խաչիկը, Ամաղուն, Արենին, Չիվան, Ելփին,

․ 4-ը Արարատի մէջ՝ Զանգակատունը, Լանջառը, Ուրցալանջը, Պարոյր Սեւակը,

․ 2-ը Գեղարքունիքի մէջ՝ Վահանը, Ճամբարակը (հաշուի առնելով որ ազրպէյճանցիները ետ պիտի չի քաշուին 2021-2022 թթ․ ՀՀ, նաեւ՝ Գեղարքունիքէն գրաւուած հատուածներէն, նշուած երկու բնակավայրերուն կարելի է աւելցնել նաեւ Կութը, Ներքին Շորժան եւ Վերին Շորժան (նկարներուն մէջ նշուած են մանուշակագոյն նշանով)),

․ 12-ը Տաւուշի մէջ՝ Չինարին, Մովսէսը, Ներքին Կարմիր Աղբիւրը, Վազաշէնը, Աչաջուրը, Սեւքարը, Սարիգիւղը, Ներքին Ծաղկաւանը, Աճարկուտը, Կոթին, Բարեկամաւանը, Նոյեմբերեանը։

-ազրպէյճանին տալ եւ/կամ թշնամիի ԶՈւ ուղիղ նշանառութեան եւ վերահսկողութեան տակ դնել Հայաստան-Իրան եւ Հայաստան-Վրաստան միջպետական ճանապարհներէն հատուածներ, հանրապետական եւ մարզային նշանակութեան ճանապարհներ Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի մէջ, պիտի ունենայ բոլոր այն հետեւանքները, որ ունեցանք Գորիս-Կապան, Կապան-Ճակատեն ճանապարհները թշնամին յանձնելէ ետք,

-հերթական տարածքներու եւ բարձունքներու կորուստով խաթարել մեր առաջնագիծը եւ ստեղծել հսկայական անվտանգային նոր խնդիրներ ու սպառնալիքներ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս եղաւ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի եւ Վայոց Ձորի մէջ 2020-2023 թթ․-ին,

-Երասխի՝ չէզոք գօտիի վերացումով կամ ազրպէյճանի կողմէ ռազմակալումով թշնամիին համար ուղիղ ճանապարհ բանալ դէպի Արարատեան դաշտ ու Երեւան,

-նշուած 70 (73) եւ անոնց շրջակայ տասնեակ գիւղերը մատնել աստիճանական եւ ամբողջական հայաթափման ու կորուստի,

-Հայսատանը կանգնեցնել անյաղթահարելի հասարակական-տնտեսական եւ մարդկայնական աղէտներու առջեւ։

Comments are closed.