Ի՞նչ Տուին Քառօրեայ Բանակցութիւնները

Ապրիլ ամսուան վերջերուն Մոսկուայէն յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ընդունած են հանդիպիլ Մոսկուայի մէջ: Այդ հանդիպումը տեղի չունեցաւ սակայն: Մոսկուայի փոխարէն երկու նախարարները բանակցութիւններ վարեցին Ուաշինկթընի մէջ, մայիս 1¬էն սկսեալ յաջորդական չորս օրերու տեւողութեամբ: Բանակցութիւններու բացումին ու փակումին մասնակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը: Չորս օր տեւողութեամբ քննարկումները շօշափելի արդիւնք ապահոված պէտք է ըլլան. բանակցութիւններուն աւարտին կատարուած յայտարարութիւնները ոչինչ կը փոխանցեն: Միացեալ Նահանգներ գոհունակութիւն կը յայտնեն արձանագրուած կարեւոր յառաջդիմութեան համար: Հայաստան կ՛ըսէ, որ թէեւ որոշ յառաջդիմութիւն եղած է, սակայն հիմնական հարցերու շուրջ տարակարծութիւնը տակաւին առկայ է: Իսկ Ազրպէյճան ուշացումով յայտարարեց, որ «Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացը տակաւին չէ արդարացուցած Ազրպէյճանի սպասումները»: Պայրամովի այս վերջին յայտարարութիւնը կը նշանակէ, որ Հայաստան, որ արդէն ընդունած էր Արցախը պահել Ազրպէյճանի կազմին մէջ, նոր զիջումներ կատարած է, որոնք բաւարար չեն նկատուիր Ազրպէյճանի կողմէ: Ազրպէյճան կը պահանջէ ամբողջական` իր պայմաններով սահմանուած, անձնատուութիւն:

Բանակցութիւններու իսկական պարունակութեան մասին ոչ մէկ տեղեկատուութիւն սփռուեցաւ, ոչ մէկ կողմէն: Դիւանագիտութեան յատուկ գաղտնապահութեամբ չենք կրնար բացատրել այս ծածուկ պահելու երեւոյթը: Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Հայաստան ոչ միայն ոչ մէկ հողային պահանջ ունի, բացի 29.800 քառակուսի քիլոմեթրէն, այլեւ կ՛ընդունի, որ ապագային ալ ոչ մէկ պահանջ պիտի ունենայ: 29.800 քառ. քմ-ը եւս բաւարար չէ Ազրպէյճանի համար: Առ այժմ պատասխան չունինք:

Ստիպուած եմ փակագիծ մը բանալ այստեղ: Նիկոլ Փաշինեան, իբրեւ խորհրդարանական բացարձակ մեծամասնութիւն ունեցող վարչապետ, թերեւս մասնակիօրէն իրաւունք ունի խօսելու հայ ժողովուրդի այժմու պահանջին մասին, իսկ ապագային մասին` ոչ հեռաւոր ապագայ, ժողովուրդն է, որ կ՛որոշէ: Այս չի՞ թելադրեր այնքան շեփորուած ժողովրդավարութիւնը, որ իբրեւ թէ հիմնական յատկանիշն է Հայաստանի Հանրապետութեան: Անցնի՛նք:

Հայ եւ ազրպէյճանական ուղղակի բանակցութիւններու ընթացքին կատարուեցաւ «Նեմեսիս»-ի յուշարձանին: Յուշարձանը կառուցուած է Երեւանի քաղաքապետութեան որոշումով եւ բացումն ալ կատարուեցաւ փոխքաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի եւ մտաւորականներու մասնակցութեամբ: Թուրքիա անմիջապէս հակազդեց իր օդային տարածքը փակելով հայկական օդանաւորդութեան դիմաց: Միջազգային օրէնքով դատապարտելի այս արարքէն ետք, Թուրքիա կը սպառնայ այլ միջոցներու դիմել, եթէ «Նեմեսիս»-ի յուշարձանը չվերցուի:

Հայ եւ թուրք ու հայ եւ ազրպէյճանական յարաբերութիւնները փոխկապակցուած ըլլալով, յուշարձանին տեղադրումը լուրջ արգելք է ոչ միայն իբրեւ թէ առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն արդիւնաւորման, այլ նաեւ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն դրական ընթացքին:

Նիկոլ Փաշինեան, որ «աշխատանքային այցով» Մոսկուա մեկնեցաւ, ուաշինկթընեան բանակցութիւններու ընթացքին պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր Չեխիա: Մայրաքաղաք Փրակայի մէջ, հայ համայնքի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին, ան Հայաստանի իշխանութիւններուն մասին սրբասացական գովերգութենէն մը ետք, պատասխանեց ներկաներու հարցերուն: Նեղացուցիչ հարցեր եղան, որոնց Հայաստանի վարչապետը պատասխանեց իրենց յատուկ անմրցելի ոճով, այսինքն` ամէն պատասխանատուութիւն վերագրելով ուրիշներուն, որոնց կարգին` նոյնիսկ հանդիպման ներկաներուն:

Ես միշտ խուսափած եմ ցցուն ածականներէ, հարցերու քննութիւնը պահելու համար քաղաքական շիտակութեան եւ բանականութեան սահմաններուն մէջ: Շատ մտածեցի գտնելու համար որակում մը, որ առանց վիրաւորական ըլլալու, կը պատշաժի Հայաստանի իշխանութիւններուն ու մասնաւորաբար անոնց գլխաւոր ճարտարապետ Նիկոլ Փաշինեանի գործին ու խօսքին. այդ որակումը իմաստակն է: Ամէն բանի մասին` աստուածաբանութենէն դիւանագիտութիւն, տնտեսութենէն ելեւմտագիտութիւն, ընկերաբանութենէն հոգեբանութիւն, փիլիսոփաներու եւ ամենագէտներու հետ գործ ունինք, որոնք Հայաստանն ու հայութիւնը կ՛առաջնորդեն դէպի նորանոր աղէտներ:

Ե՞րբ պիտի ազատինք իմաստակներու ղեկավարութենէն:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Comments are closed.