Երուսաղէմի «Հայկական Պարտէզ»-ը Կ՛օտարացուի – Ա. – Ի՞նչ Է Տեղի Ունեցածը

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Վերջերս բոլորս լսեցինք Պաղեստինի Երուսաղէմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն մասին: Ոմանք ցնցուեցան այդտեղէն եկող լուրերէն, շատեր ալ բնաւ չհետաքրքրուեցան անոնցմով: Առաջին բանը, որ անձամբ ես մտածեցի. «Նորէ՜ն, նորէ՞ն մեր արիւնով եւ քրտինքով վաստակածը երկու կաթիլ մելանով ուրիշին պիտի տանք»:

Եթէ համառօտակի պատմենք տեղի ունեցածին մասին, ապա Պաղեստինի Երուսաղէմ քաղաքին պարսպապատ բաժինը, որ նաեւ կը կոչուի «Հին քաղաք», բաժնուած է չորս մասերու, որոնցմէ մէկը «Հայկական թաղամաս»-ն է, ուր կը գտնուին Սրբոց Յակովբեանց վանքն ու պատրիարքարանը, Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵՄ-ի ակումբները, Մարտիկեան թանգարանը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» գրադարանը` այլ հաստատութիւններու եւ կալուածներու կողքին, եւ այդտեղ կ՛ապրին քանի մը հարիւր հայեր:

Այդ կալուածներէն մէկը ժողովուրդին կողմէն կը կոչուի «Կովերու պարտէզ», նաեւ կը կրէ «Հայկական պարտէզ» անունը: Սոյն յօդուածին մէջ պիտի գործածեմ երկրորդ` աւելի պատշաճ անուանումը: Տեղի ունեցածը այն է, որ «Հայկական պարտէզ»-ը 99 տարիներով վարձակալութեան կը տրուի հրեայ-աւստրալիացի գործարարի մը: Խնդիրը, որ սաղիմահայութիւնն  ու ազգային հարցերով յուզուող ամէն մէկ հայ կը տագնապեցնէ, կալուածին ապօրինի վարձակալութեան տալը չէ միայն, այլ նաեւ անոր աղէտալի հետեւանքներն են, որոնց դիմաց կրնայ Երուսաղէմի հայ համայնքը յայտնուիլ: Բացի ասկէ` նաեւ տագնապ կը ստեղծէ այս գործարքին մթամած ըլլալն ու գաղտնի պայմաններուն մէջ ի կատար ածուիլը:

Մանրամասնութիւնները` ստորեւ…

Պատմական համատեսիլ

Վերոյիշեալ խնդիրն ու Երուսաղէմի հայոց պատկանող կալուածներուն այսօրուան իրավիճակը հասկնալու համար պէտք է 4 թուականներու քով կանգ առնել.

  • 4-րդ դար
  • 1915
  • 1948, 1967

4-րդ դար

Հայերը Երուսաղէմի մէջ ներկայութիւն եղած են հին ժամանակներէ ի վեր` Տիգրան Մեծի օրերէն:

Բայց Երուսաղէմի մէջ մեր այսօրուա՛ն ներկայութեան հիմքը դրուած է 4-րդ դարուն` քրիստոնէութիւնը մեր պետական կրօնը դառնալէն ետք, երբ մեծ թիւով հայեր սկսան այցելել «Սուրբ Քաղաք»-ը: Շատերը այդտեղ բնակութիւն հաստատեցին, մանաւանդ` վանականները: Եւ այսպէս, կամաց-կամաց Երուսաղէմը կը դառնայ հայկական սփիւռքի հնագոյն բոյնը (1), որ մինչ այսօր գոյ է: Օրեր կային, երբ հայերը կ՛իշխէին «Սուրբ Քաղաք»-ին: Օրինակի համար, Եգիպտոսի Ֆաթիմեաններու ժամանակաշրջանին Երուսաղէմի իշխան Ալ-Աֆտալը հայ էր: Վերջինիս օրերուն խաչակիրներու արշաւանքները սկսան, եւ այդ ժամանակներուն ալ բազմաթիւ հայեր կամ կիսահայեր (աւելի շատ` կիսահայուհիներ) բազմեցան Երուսաղէմի խաչակիրներուն գահին:

Մինչեւ 20-րդ դար սաղիմահայութիւնը (Երուսաղէմի հայութիւն) կը մնայ փոքրաթիւ, բայց կայուն համայնք (գաղութ) մը: Այդ օրերուն օսմանեան գրաւումին կատարած մարդահամարին համաձայն, 2-3 հազար հայ կ՛ապրէր Պաղեստինի մէջ, անոնց մեծ մասը` Երուսաղէմի:

1915

1915-ին` Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն եւ անոր յաջորդած տարիներուն, սաղիմահայութեան թիւը կը բազմապատկուի: Հազարաւոր հայեր` ջարդերէն փախածներն ու բռնօրէն գաղթածները, կ՛ապաստանին այդտեղ: Ճշգրիտ թիւի մը մասին խօսիլը հնարաւոր չէ, սակայն անգլիական գաղութատիրութեան աղբիւրները կու տան մօտաւոր 10.000 թիւը: Այս գաղթականներուն մեծ թիւը կը հաստատուի Երուսաղէմ: Անոնց կը տրուի արաբերէն զու՛ուար անունը (այցելուներ), ի տարբերութիւն բնիկ տեղացիներուն, որոնք կը կոչուէին «քաղաքացիներ»: 1923-ի դէպքերուն (քեմալական ջարդեր) հայ գաղթականներու նոր ալիք մը կը հասնի Երուսաղէմ, ինչպէս` Մեծ Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի եւ Յորդանանի տարբեր քաղաքներ:

1948, 1967

1930-ականներէն սկսեալ, դեռ անգլիական գաղութատիրութեան (իրենք զիրենք կը կոչէին` հովանաւորութիւն) օրերուն, հրեաներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ կը սկսի Պաղեստինի բաժանումը` հրէական եւ արաբական տիրապետութեան գօտիներու, եւ այդտեղ քաղաքական վիճակը հետզհետէ կը սրի: Այս ժամանակաշրջանին հայերը, որքան կրնան, կը խուսափին այս հակամարտութենէն մինչեւ 1947 թուականը, երբ անգլիացիները կը քաշուին Պաղեստինէն, եւ մարտերն ու ջարդերը կը ժայթքին երկրին ամբողջ տարածքին: Երեսունէն քառասուն հայեր կը զոհուին այս դէպքերուն ժամանակ, եւ Երուսաղէմ կ՛ապաստանի գաղթականներու նոր ալիք մը: Հետեւող տարիներուն իրավիճակը աւելի կը բարդանայ, Յորդանանը կը ստանձնէ Երուսաղէմի արեւելեան մասի կառավարումը, եւ մինչեւ 1967 թուականը հայերուն մէկ մասը կը մնայ իսրայէլցիներուն գրաւած կողմը, բաժնուած` արաբական կողմը ապաստանած (եւ այդտեղի բնիկ) հայերէն: Այդ ատենէն ի վեր եւ յաջորդող տարիներուն մեծ թիւով հայեր վերջնականապէս կը մեկնին Պաղեստինէն:

Սեղիմահայութիւնը Այսօր

Այսօր հազիւ թէ հազար հայեր կ՛ապրին Երուսաղէմի մէջ: Մանաւանդ վերջերս, աւելի՛ յանդգնացած իսրայէլցի հրեայ խտրական-ծայրայեղականներ գրեթէ պարբերաբար, դէպի արեւմտեան պատը (2) ուղղուած ժամանակ, ըլլայ հայհոյելով, թքելով կամ հարուածելով` կը յարձակին «Հայկական թաղամաս-ին վրայ: Երեք օրինակներ բերեմ.

1.- Այդ շրջանին մէջ բնակեցուած հրեայ խտրականներու յարձակումը պատրիարքարանին վրան, երբ կը փորձեն մագլցիլ պատրիարքարանին պատերն ու վար առնել մեր եռագոյն դրօշը,

2.- Սրբոց Յակովբեանց միաբանութեան անդամներուն (կղերիկոսներուն) վրայ յարձակիլն ու թքելը,

3.- Երեսունէն քառասուն իսրայէլցի խտրականներուն յարձակումը հայու մը պատկանող ճաշարանին վրայ:

Այս օրինակները միայն վերջերս` Իսրայէլի կառավարութիւն ծայրայեղականներուն մուտք գործելէն ետք (3): Ամբողջական ցանկը կ՛երկարի:

«Հայկական Պարտէզ»-ին Պատմութիւնը

 1.- «Հայկական թաղամաս»-ը ամբողջական (հերթականութիւնը` ձախէն աջ, վերէն վար),

2.- Իսրայէլի գաղութաբնակեցման իբրեւ հետեւանք` «Հայկական թաղամաս»-էն զաւթուած տարածքները (1967-2000), որոնք կը կազմէին այդ ժամանակուան «Հայկական թաղամաս»-ին 12-14 տոկոսը,

3.- «Հայկական թաղամասը», եթէ «Հայոց պարտէզ»-ն (կովերուն) ալ կորսնցնենք,

4.- «Հայկական թաղամասը»` ապագայի՞ն:

***

Այս Օրերուս Տեղի Ունեցող Դէպքերը

«Հայկական պարտէզ»-ի վարձակալութեան կամ ծախուելու դէպքերու յաջորդականութեան համաբնագիրին մէջ առաջին լուրը, որ կը տարածուի, այն է, թէ «Հայկական թաղամաս»-ին տարածքին մէջ գտնուող ինքնաշարժներու կայանատեղին մաքրելու համար հարկաւոր է մինչեւ մէկ միլիոն տոլար, եւ պատրիարքարանը այս պատրուակը կու տայ տարածքը տասը տարիներով Երուսաղէմի իսրայէլական քաղաքապետարանին վարձու տալուն համար:

Այսինքն իսրայէլցիները զայն մաքրելէն ետք բարելաւուած տարածքը ի վերջոյ կը վերադարձնեն հայերուն, եւ այսուհետեւ, «Հայկական թաղամաս»-էն ոչ շատ հեռու,  «Հրէական թաղամաս»-ի տարածքին մէջ գտնուող Արեւելեան պատը (2) այցելող իսրայէլցիները նոյն այս կայանատեղին կրնան գործածել:

Սակայն կը պարզուի, որ այս պնդումը սուտ է` թէ՛ յայտարարուած տարածքը եւ թէ՛ վարձակալութեան ժամկէտը:

Ըստ Սրբոց Յակովբեանց միաբանութեան օրէնքներուն, պատրիարքարանի կալուածներէն ոչ մէկ մաս կարելի է 49-ը տարիէն աւելի տալ վարձակալութեան, իսկ «Հայկական պարտէզ»-ը, ինչպէս երեւան կու գայ, վարձու տրուած է 99 տարիով:

Կարգ մը սաղիմահայեր կը պնդեն, որ իրենց տեսած ոչ պաշտօնական քարտէսներուն մէջ, բացի «Հայկական պարտէզ»-էն, դպրեվանքը ամբողջութեամբ, մեզի պատկանող հինգ բնակարաններ (ուր հայեր կ՛ապրին), ճաշարան մը, խանութներ եւ գերեզմանատունը մաս կը կազմեն այս առեւտուրին (11,500 քառակուսի մեթր): Եւ միայն եօթը աստղանի հիւրանոցի մը կառուցումը չէ, որ կը ծրագրուի, կամ` ատկէ առաջ գովազդուած ինքնաշարժերու կայանատեղիին բարեկարգումը, այլ, նոր թաղամասի մը` տուներ, յարկաբաժիններ, լողաւազաններ, պարտէզներ եւ այլն… Եթէ ասիկա հաւաստի ըլլայ, եւ եթէ ի կատար ածուի, Երուսաղէմի դիմագիծը վտանգի տակ կը դնէ, առաւել եւս` հայկական ներկայութիւնը այդտեղ:

Տեղի հայերը գնորդը չէ, որ կ՛այպանեն, այլ այպանելին ծախողներն են իրենց համար, որոնց պարտականութիւնն էր պահակ կենալ այս կալուածներուն, որոնք կը պատկանին ոչ թէ պատրիարքարանին եւ ոչ միայն սաղիմահայութեան, այլ` համայն հայութեան: Ոմանք կ՛ըսեն, որ դուրս չեն գար իրենց տուներէն, միայն բռնի ուժով ու իրենց շալակի վրայ առնելով կրնան հանել այդտեղէն:

Կարգ մը սաղիմահայեր յոյս ունէին, որ այդտեղ կրնան իրենց քիչ եւ նօսրացող համայնքի երիտասարդ զոյգերուն համար մատչելի բնակարաններ շինել:

Պատրիարքարանը կ՛ըսէ, որ ոչ մէկ բան ծախուած է, ընդամէնը 99 տարիներու վարձակալութենէն ետք հողը կը վերադառնայ մեզի: Բայց Սուրբ Քաղաքին եւ երկրին այսօրուան պայմանները նկատի ունենալով` չեմ կարծեր, թէ մեծ տարբերութիւն կայ ծախելուն եւ այդքա՜ն երկար ժամանակով վարձու տալուն միջեւ (եթէ վերջին պնդումն ալ ճիշդ ըլլայ):

Խնդիրը այն է, որ շօշափելի ոչ մէկ փաստ երեւան ելած է, ամէն ինչ կը մնայ ըսի-ըսաւի եւ վարկածներու դաշտին մէջ, մինչ տխրահռչակ (պատրիարքարանի կանոնադրութեամբ` անօրէն ու ապօրինի) գործարքը, անկախ իր բնոյթէն, յառաջ կը շարժի: Հայերուն պատկանող հողերը օտարին յանձնուեցան հայերուն կողմէն եւ ոչ թէ առգրաւուեցան օտարի մը կողմէն:

Սաղիմահայերը կ՛ըսեն, որ եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը կը խուսափի իրենց հետ հանդիպելէ եւ այս գործարքին պայմանագիրն ու քարտէսները հասանելի չի դարձներ հայ հանրութեան, որ կը գտնուի տագնապալից վիճակի մը մէջ, մտահոգ` իրեն պատկանող հողերով եւ իր ապագայով:

Ամէն շաբաթ հերթական ցոյցեր տեղի կ՛ունենան պատուհանին տակ սրբազան հօր, որ վանքին մէջ մեկուսացած է եւ կը խուսափի իր հօտին հետ առերեսուելէն` այս առեւտուրին կապուած հակադարձութիւնները բռնկելէն ի վեր:

Շարք մը իրաւաբաններ ու փաստաբաններ` հայ եւ օտար (Հայաստանէն ու Միացեալ Նահանգներէն), Երուսաղէմ ժամանեցին յունիս ամսուան սկիզբը փաստահաւաք առաքելութիւն մը իրականացնելու նպատակով: Կ՛ակնկալուի, որ անոնց զեկոյցն ու յանձնարարականը մօտիկ ապագային պիտի հրապարակուի:

Ի վերջոյ, Նուրհան արքեպիսկոպոսը խոստովանեցաւ, որ ստորագրած է այս գործարքին փաստաթուղթերը, սակայն կը պնդէ, որ խաբուած էր Խաչիկ Երէցեանին (կարգազուրկ Պարետ ծ. վարդապետին) կողմէ: Վերջինս կարգալոյծ ըլլալէն ետք, չորս կողմը շրջանակ կազմած, իսրայէլական յատուկ ուժերու պաշտպանութեան տակ, կը փախչի Ս. Յակովբեանց վանքէն, ուրկէ վտարուած էր հայհոյախառն ու «դաւաճա՜ն» վանկարկումներուն ներքոյ, զորս կը հնչեցնեն կատղած ու դառնացած սաղիմահայերը` ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութեան դրօշը բարձրացուցած, որոնք խաբուած ու թիկունքէն դանակահարուած կը զգային իրենք զիրենք:

Այստեղ ես ոչ մէկ կրօնական կամ ազգային ժողով մը կամ այլ մարմին մը նշեցի, որովհետեւ Սրբոց Յակովբեանց միաբանութեան մէջ, ի տարբերութիւն Սսոյ (Անթիլիաս), Էջմիածնի կաթողիկոսութիւններուն եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին, ժողովական կարգը կարծես թէ տեղ չունի: Վերջնական եւ գերիշխող խօսքը պատրիարք հօր ու կարգ մը անհատներունն է միայն:

Ի պատասխան սաղիմահայութեան բողոքին, մանաւանդ այն լռութեան համար, որով կը մեղադրուի, պատրիարքարանը (Սեւան արք. Ղարիպեանը` ամերիկացի լրագրողուհիի մը hարցին պատասխանելով) կ՛ըսէ, թէ վարագոյրներուն ետեւը կ՛աշխատին. «Մենք ամէն եւ որեւէ հարցումի չենք պատասխաներ, թող խօսին, յետոյ կը տեսնենք, թէ ո՞վ է ճիշդը»:

Այստեղ ես մէկ ըսելիք ունիմ. «Ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա` աշտանակի՛ վրայ» (Աւետ. ըստ Մատթէոսի 5:14-16): Պարզ եւ յստակ է, որ պատահածը բնաւ լուսաւոր երեւոյթ մը չէ, ճրագ չկայ այստեղ, որպէսզի դրուի աշտանակի մը վրայ:

Անկախ արդիւնքէն եւ անկախ «ըսի-ըսաւ»-ի ո՞ր կողմին ճիշդ ըլլալէն` ստեղծուած վիճակը բացարձակապէս ճիշդ չէ եւ ամբողջովին սխալ է,  սո՛ւրբ հայրեր: Ի՜նչ ալ ըլլայ գործարքին բնոյթը, ի՜նչ ալ ըլլան անոր մանրամասնութիւնները, ի՜նչ ալ ըլլայ անոր արդիւնքը, անիկա ի սկզբանէ պէտք չէր ըլլար:

***

Այս առեւտուրի գործարքը (ըլլայ ծախք կամ վարձակալութիւն) առաջինը չէ Երուսաղէմի մէջ, ունեցած է նախադէպեր: Օրինակի համար,  Երուսաղէմի մէջ գտնուող երկու նշանաւոր պանդոկներ ծախուած էին օտար ընկերութիւններու տակ քողարկուած ծայրայեղ գաղութաբնակ հրեաներու, Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէն (որուն կղերականները մերթ ընդ մերթ մերիններուն հետ ծեծկռտուքի կը բռնուին սրբավայրերուն մէջ, բայց այս նիւթին մասին չեմ ուզեր այստեղ խօսիլ, արդէն «մատներս կը ցաւին» այս կսկծալի նիւթը գրաշարելով): Միայն արդիւնքը ըսեմ. յունաց պատրիարքը (գործարքէն ետք գահին նստած), ինչպէս մեր պատրիարքարանը, այժմ կը փորձէ, նոյնպէս փորձեց չեղարկել այդ գործարքը, բայց ի վերջոյ, իսրայէլեան դատարանին որոշումով, անոնք կորսնցուցին իրենց կալուածները, որոնք, ինչպէս` «Մաղրէպեան թաղամաս»-ը, մնացին պատմութեան մէջ, եւ դուն ուրեք (4) կը յիշուին:

Չմոռնա՛նք, Երուսաղէմի մէջ անգամ մէ՛կ քառակուսի մեթրը ունի քաղաքական, իր հետեւանքներով` աշխարհաքաղաքական խիստ-կարեւոր նշանակութիւն: Երուսաղէմը մանաւանդ վերջերս (5) հրէականացնելու մեծ եւ հուժկու ալիք մը կայ:

Այստեղ կ՛ուզեմ հետեւեալ հարցումը բարձրացնել` արդեօք չկա՞յ հայ բարերար կամ գործարար մը, որուն կարելի էր մե՛ր հողերը վարձու տալ, եւ արդեօ՞ք այս անպատասխանատու արարքը, անկախ, թէ ո՛վ է յանցաւորը, պիտի դառնա՞յ այն ահազանգը, որ մեզ ԲՈԼՈՐՍ պիտի սթափեցնէ անտարբերութեան մեր քունէն, թէ՞ պիտի շարունակենք քնափութեան յանձնուած մնալ:

(Շար. 1)

1.- Լայնատարած «Օճախ/Օջախ» բառը չգործածեցի, քանի որ թրքերէն է արմատը` Oġak:
2.- Իսլ. անուանումը` «Ալ-Պուրագի Պատ»-ը, Պուրագը այն թեւաւոր ձին է, զոր հեծած` Մուհամմատ մարգարէն կը բարձրանայ երկինք, հրէական անուանումը` Լացի պատը:
3.- Իսրայէլի պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ ամէնէն ծայրայեղ աջակողմեանները այսպիսի մեծ ներկայութիւն կ՛ունենան կառավարութեան մէջ:
4.- Դուն ուրեք` քիչ անգամ, հազիւ, երբեմն:
5.- Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահին կողմէ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալէն ետք:

Comments are closed.