Դասախօսներուն Դասախօսը

ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ

Ուիլիըմսարոյեաններու եւ վրացեաններու դպրոցներէն սերած ու հետեւորդ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան իր երիտասարդ տարիքին հայերէն սորվելու փափաքով եկած է Պէյրութ` Համազգայինի հայ ճեմարան:

Ան բախտը ունեցած է աղբալեաններու եւ շանթերու հիմնած հաստատութեան երդիքին տակ աշակերտելու Վրացեանին, Կարօ Սասունիին եւ այլոց, ուր ստացած է իր ազգային եւ հայրենասիրական կազմաւորումը:

Ան յաճախ իր դասախօսութիւններուն իբրեւ նախաբան` լուսարձակի տակ կը բերէր այդ շրջանը, երբ բախտը ունեցած է գտնուելու Պէյրութի հայ մտաւորականութեան ամէնէն բեղուն օրրանին մէջ եւ թրծուած է ազգային հայրենասիրական ու մտաւորական այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, որուն ազդեցութիւնը իր անհերքելի դրոշմը ձգած է անոր կազմաւորման, մանաւանդ անոր ապագայ ասպարէզի` պատմագիտութեան ընտրութեան վրայ:

Ռիչըրտ Յովհաննէսեան բարձրորակ դասախօս էր` փնտռուած հայ թէ օտար հասարակութեան կողմէ: Անոր թողած արխիւային հարստութիւնը, որ կը բաղկանայ պատմական, քաղաքական ուսումնասիրութիւններէ, կը դասաւանդուի համալսարաններու ամպիոններէն` մագիստրոսի տիտղոս ստացած պատմաբաններու կողմէ, որոնք անսահման տեղեկութիւններ կը քաղեն Հայ դատի հետապնդման ուսումնասիրութեան աւարտաճառերուն համար: Փրոֆեսէօրի հատորներու անգին հաւաքածոները մեր գրադարաններուն մէջ ա՛լ աւելի պատկառելի տեղ մը պիտի գրաւեն այսօր, որովհետեւ, ցաւօք, այլեւս Ռ. Յովհաննէսեանի ստորագրութեամբ լոյս պիտի չտեսնեն նոր ուսումնասիրութիւններ, որոնց այնքան անհամբեր կը սպասէր հանրութիւնը` իր արմատներէն տեղեկութիւն մը եւս քաղելու համար:

Լոնտոն Համազգայինի վարչութեան հետ

Այս տողերով փրոֆ. Ռիչըրտին վաստակը ծանօթացնելը մեծ յաւակնութիւն մը պիտի ըլլար իմ կողմէս, սակայն կարիքը կը զգամ խորին յարգանքի տուրքս եւ երախտագիտութիւնս յայտնելու այն մեծանուն հայուն, որուն անվարան նուիրումն ու պատրաստակամութիւնը վայելած է Լոնտոնի Համազգայինը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Ուսանողական հաւաքի` ֆորումի ծրագիրը: Մօտէն ճանչնալու եւ բարեկամանալու բախտը ունեցայ` քանիցս զինք հրաւիրելով Լոնտոն, Եւրոպայի զանազան երկիրներ, Լիբանան եւ մինչեւ Հայաստան:

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան չվարանեցաւ երկար ճամբորդութիւններ կատարելու: Թէկուզ քանի մը օրուան համար ըլլար, ան կը կտրէր ովկիանոսը, յաճախ իր կնոջ` տիկին Վարդիթեռի ընկերակցութեամբ, ճամպրուկները իր վերջին հրատարակութեամբ լեցուն, բոլորովին իր անձնական ծախսով, ան կը հասնէր յոգնած, կը յարմարէր կեցութեան ամէնէն համեստ պայմաններուն:

Անոր դասախօսութիւններուն մասին հազիւ թէ յայտարարուած` սրահները կը վխտային տարբեր տարիքի հասարակութեամբ: Կարծես Համազգայինի շրջանակը քաջ գիտէր, որ անոր ներկայութիւնը չէր կրնար առյաւէտ վայելել, պէտք էր առաւելագոյնս օգտուիլ անոր ուսումնասիրութիւններէն, ուստի դասախօսութիւններու աւարտին ժողովուրդը, շարքի կանգնած, մակագրութեան խնդրանքով կը խլէր անոր հատորները: Ան միշտ գոհունակ էր` տեսնելով, որ հետաքրքիր բազմութիւն մը այդ օտար ափերուն վրայ ծարաւը ունէր լսելու իր գիտական վերլուծումները հայ ազգային հարցերու մասին:

Համազգայինի համալսարանականներու ամառնային համախմբումի իբրեւ գլխաւոր դասախօս, Հրանդ Մարգարեանի կողքին, իր ներկայութիւնը առաւել կշիռ մը կը պարգեւէր ֆորումի ծրագրին: Փրոֆեսէօրը յատուկ կարողութիւն ունէր ներկաներուն կեդրոնացումը լարուած պահելու, ժամանակը առաւել եւս կ՛երկարէր հարցումներու տարափով, տղաքը յաւելեալ տեղեկութիւններ կ՛ուզէին խլել` քաջ գիտնալով, որ զինք լսելու բացառիկ առիթ մը շնորհուած է իրենց: Դասախօսութիւններէն ետք ան կ՛ընկերակցէր ուսանողներու պտոյտներուն, ճաշերուն, կը միանար մեր գիշերային հաւաքոյթներուն` երիտասարդին հետ երիտասարդ, պատասխանատուներուս հետ ընկերական ու համբերատար: Ֆորումի աւարտին ժպիտով հրաժեշտ կ՛առնէր մեզմէ` դա՛րձեալ հանդիպելու խոստումով:

Քիչերն են`
– Պատկառելի, բայց համեստ,
– Իմաստուն, բայց զուսպ,
– Հանրային, բայց խոհեմ,
– Հայրենասէր, բայց իրատես:

Համազգայինի ընտանիքին կը մնայ խոնարհիլ անոր անմար յիշատակին առջեւ, որուն շուքը ծանր էր, համբերութիւնը` անսահման, բարեկամութիւնը` անկեղծ:

Comments are closed.