Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին – Ա. մաս

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Խորհրդակցական հաւաք-հանդիպումի մը ներկայացնելու աշխատանքով փորձեցի տեղեկութիւններ կեդրոնացնել  եւրոպական երկիրներու հայկական համայնքներու մասին: Դժբախտաբար աշխատանքիս արդիւնքը խորքային չեղաւ, անկատար մնաց եւ չանցաւ մակերեսայինի սահմանը: Այսուհանդերձ, յաջորդաբար մամուլով հրատարակութեան կու տամ զայն` կարծելով, որ անտեղեակներ գէթ գաղափար մը կը կազմեն անոնց  մասին: (Յատուկ կապեր չունենալուս` չեմ ներառած Ռուսիան, Ուքրանիան, Պալթեան երկիրները, նաեւ` Կովկասի հանրապետութիւնները):


1.- Շուէտ.- Հայութեան թիւը կը հաշուէ 10-15 հազար` առաւելաբար Միջին Արեւելքէն, Հայաստանէն, իսկ վերջին տարիներուն մեծ թիւով` Սուրիայէն: Շուէտ հաստատուած հայերը 1980-ական թուականներուն փորձած են հայագաղութի վերածուիլ, սակայն միակամութիւն  չըլլալուն` անջատ հաւաքականութիւններ կազմուած են իրենց հաւաքատեղիներով, ուր ձեռնարկներ կ՛ունենային անոնք յիշատակելի թուականներուն, ինչպէս նաեւ հայերէնի դասընթացքներ կը կատարուէին: Հիմա, նախարարութեան կարգադրութեամբ, շաբաթը մէկ պահ հայերէն կ՛աւանդուի պետական այն դպրոցներու մէջ, ուր հայ աշակերտներ կան: Դասաւանդող ուսուցչին վարձատրութիւնը կը կատարուի նախարարութեան կողմէ:

Շուէտի մէջ կը գործէ ՀՅԴ կոմիտէութիւն մը, որ առաւելաբար կը զբաղի լոպիինկով:  Ունի 2 հաւաքատեղիներ` Սթոքհոլմ եւ Սոտեր Թալճէ քաղաքներու մէջ: Կը գործեն նաեւ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի մասնաճիւղեր:

Գիտէի՞ք, թէ շուրջ 10 տարի, 1998-2018, երեք հայ պատգամաւորներ եղած են Շուէտի խորհրդարանին մէջ: 2018-էն ալ կայ մէկ պատգամաւոր` Արին Կարապետեան անունով, որ Շուէտ ծնած է, եւ որ` նախագահն է Հայաստան-Շուէտ խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրին, խորհրդարանի մէջ քանի մը անգամ արծարծուած ու դրական արդիւնքի մը չէ յանգած:  2010 թուականին է, որ այլ ցեղասպանութիւններու ճանաչումի խումբի մը մէջ  խորհրդարանը Հայոց ցեղասպանութիւնն ալ ներառած է:

Հայաստանի դեսպանը իր երկիրը կը ներկայացնէ նաեւ Դանիոյ, Նորվեկիոյ եւ Ֆինլանտայի մէջ:

Ծանօթ.- Իսկ Ֆինլանտայի, Նորվեկիոյ ու Դանիոյ մէջ թերեւս 1500-ի շուրջ հայեր կան` ցրուած տարբեր քաղաքներու մէջ: Հաւաքական կեանք չունին այս երեք երկիրներու մէջ հաստատուած հայերը:

2.- Գերմանիա.- Կը խօսուի 50-60 հազար հայութեան թուաքանակի մը մասին: Իբրեւ «աժան աշխատուժ»` Գերմանիա ժամանած թրքահայերու մեծամասնութիւնը կազմած է կորիզը համայնքին, ապա 60-ականներէն` իրանահայեր, լիբանանահայեր, սուրիահայեր, հայաստանցիներ եւ այլն: Խճանկար մը: Մեծամասնութիւնը կեդրոնացած է Քէօլն քաղաքը եւ շրջակայքը, շուրջ` 3000 (ուր կայ 30.000 թուրք): Կան հայեր` Պերլին, Համպուրկ, Միւնիխ, Նիւրենպերկ, Շթութկարթ, Հալլէ եւ այլ քաղաքներու մէջ: Վերջերս հայաստանցիներով  համայնքները կը բազմանան` Հալլէ, Լայփցիկ, Տրեզտեն եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Թեմը էջմիածնական է 1992-էն սկսեալ: Կը գործեն երեք եկեղեցիներ` Քէօլն (30 տարուան համար տրամադրուած), Կէօփինկեն (99 տարուան) եւ Հալլէ քաղաքներուն մէջ: Պերլինի մէջ վարդապետ մը եւ այլ տեղեր` շուրջ  45 քահանաներ. բոլորն ալ` հայաստանցի: Հիմնադիր առաջնորդը` Պեքճիեան Գարեգին արք. պոլսահայ էր: Եկեղեցին ունի 15 եկեղեցական համայնքներ, կան նոյնքան, թերեւս` քիչ մըն ալ աւելի, ոչ եկեղեցական մշակութային միութիւններ: Վերջերս սուրիահայերու կողմէ ՀՄԸՄ-ը կը փորձէ աշխուժանալ Միւնիխի մէջ: Կան ՀՕՄ-ը, հայ բժիշկներու, հայ գործարարներու, հայ փաստաբաններու միութիւններ, բոլորն ալ` համեստ կարելիութիւններով ու գործունէութեամբ: Շաբաթօրեայ (կամ` այլ յաճախականութեամբ) դասաժամեր ունին թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ մշակութային միութիւններէն ոմանք, ոչ բոլորը: Ոմանք ունին նաեւ պարախումբեր: Աշակերտներու թիւին մասին գաղափար չկրցաւ տալ աղբիւրս: Ան ըսաւ` որ բոլորը միասին 100 հոգի եթէ ըսեմ, թերեւս չափազանցած կ՛ըլլամ…

Եկեղեցական եւ մշակութային այդ միութիւնները ունին իրենց սրահները` վարձով կամ անվարձ տրամադրուած: Համախումբ հանդիպումները կ՛ըլլան պատարագներէն ու այլ «մշակութային» ձեռնարկներէ ետք:

Հալլէի համալսարանին մէջ հայագիտական միակ ամպիոնը  անցեալ տարի փակուած է:

Քաղաքական յարաբերութիւններ մշակելու գործը ի պաշտօնէ ստանձնած պէտք է ըլլայ  Գերմանահայ Կեդրոնական խորհուրդը, որ ոչ եկեղեցական շուրջ 15 միութիւններու  համախմբում մըն է` անցեալ դարու 60-ականներուն նախաձեռնուած: Գերմանացի ակադեմականներու, եկեղեցիներու եւ լրագրողներու հետ կապեր կան, թոյլ, ոչ հետեւողական, միայն առիթներու սպասող: Քանի մը հայ լրագրողներ ալ կան:

«Կարելի՞ է համարել, որ Գերմանիոյ հայութիւնը համայնքային կառոյցով մը կը գործէ» հարցումիս աղբիւրս պատասխանեց.

«Գաղութին գլխաւոր երկու կառոյցները եկեղեցական թեմն ու Կեդրոնական խորհուրդն են, որոնց շուրջ կան իրենց ենթակայ միութիւնները: Կան նաեւ անոնց չպատկանող անկախ միութիւններ: Թէ ասոնք կը գործե՞ն, թէ՞ ոչ, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ արդիւնքով, անորոշ է»:

Ծանօթ. ԺԹ. դարուն Գերմանիոյ մէջ հայ երիտասարդներ ակադեմական միութիւն հիմնած են, որուն անդամակցած են ծանօթ անուններ, ինչպէս` Գարեգին Յովսէփեանց (հետագային կաթողիկոս), Լեւոն Շանթ, Միքայէլ Շամտանճեան եւ շատ ուրիշներ:

Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ ՀՅԴ ունի կոմիտէութիւն (առանձնակի),  որ կը ներառէ` Գերմանիան, Աւստրիան, Մալթան, Զուիցերիան, Իտալիան: Կոմիտէութիւնը ներկայիս խմբային դրութեամբ 5 կորիզներ ունի Գերմանիոյ մէջ եւ մէկ` Վիեննա: Մնացեալ անդամները ցրուած են վերոյիշեալ երկիրներու մէջ:

Կոմիտէութեան հովանիին ներքեւ Գերմանիոյ մէջ կը գործեն Գերմանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-ի Միւնիխի մասնաճիւղը եւ Գերմանիոյ ՀՕՄ-ը, իսկ Աւստրիոյ մէջ` Աւստրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մասնաճիւղը,  որ սկաուտական շարքերու կողքին նաեւ պարախումբ եւ փողերախումբ ունի:

Միւնիխի մէջ ժամանակին Հայկական հարցի ուսումնասիրութեան կեդրոն մը կը գործէր, որ բաւական հարուստ ակադեմական գործ տարած է ութսունական եւ իննսունական թուականներուն, սակայն այսօր դադրած է գոյութիւն ունենալէ:

Գերմանիոյ Պունթեստաքը 2016-ին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

3.- Աւստրիա. Հայերու թիւը` 6000-7000, որուն մեծամասնութիւնը` Վիեննայի մէջ, ուր կայ նաեւ Մխիթարեաններու վանքը` շուրջ 10 հոգեւորականներով: Աւստրիան ալ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2015-ին:

4.- Իտալիա. հայերու մօտաւոր թիւը 4000-ի շուրջ է, որուն 3000-ը` մնայուն բնակիչ, իսկ 1000-ը` ուսանող կամ ժամանակաւոր: Մեծամասնութեամբ` Միլանոյի մէջ հաստատուած: Իտալիոյ հայերու միութիւն մը պաշտօնական ճանաչում ստացած է 1955 թուին, բայց հիմա ան կը գործէ՞, թէ՞ ոչ, յայտնի չէ: Միլանոյի մէջ կը գործէ հայ առաքելական եկեղեցի, որ նաեւ կիրակի օրերը երկժամեայ հայերէնի դասընթացք կը կազմակերպէ: Քաղաքական յարաբերութիւններ չկան:

Վենետիկի սուրբ Ղազար կղզեակին մէջ իր գոյութիւնը կը շարունակէ պահել Մխիթարեան միաբանութիւնը, որ ատենին նախախնամական գործ կատարած է յատկապէս գրական, պատմագրական, մշակութային եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ: Երկար տարիներ Մխիթարեաններու վարժարաններ կը գործէին, օրինակ, Կ. Պոլիս, Սուրիա, Ֆրանսա, Վենետիկ եւ այլն: (Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանին մէջն է, որ շատերու կարգին ուսանած է  Դանիէլ Վարուժան): Կը թուի, թէ միաբանութիւնը հետզհետէ սկսած է սպառիլ: Իր ատենին Փարիզի մէջ (Սեւր) միակը հանդիսացող Մխիթարեաններու վարժարանը, ինչպէս նաեւ Վենետիկի գիշերօթիկ Մուրատ Ռափայէլեանը փակուած են քանի մը տարիներէ ի վեր:

Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2000-ին:

5.- Մալթա. Հայերու թիւը շուրջ 500 է: Ազգային կամ միութենական կառոյց չունին, թէեւ 15 տարի առաջ փորձ մը կատարած են հայերու համաժողով մը գումարելու…

6.- Զուիցերիա. Հայերու թիւը շուրջ 7000 Է` հիմնականին մէջ Ժընեւ եւ Ցիւրիխ համախմբուած: Հայեր կան նաեւ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Պեռն, Ֆրիպուրկ եւ այլն: Համայնքը չունի իրաւական որեւէ յատուկ կարգավիճակ: Համայնքը ունի եկեղեցական, դպրոցական (միօրեայ) եւ մշակութային գործունէութիւն, յատկապէս` ֆրանսախօս բաժնին մէջ: Գաղութը չունի համադրուած աշխատանքի ու կազմակերպ կեանքի վիճակ:

Զուիցերիոյ  Ազգային խորհուրդը ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրէնք, ըստ այնմ նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողներու համար սահմանած է քրէական պատիժ` 2003-ին:

7.- Փորթուգալ եւ Սպանիա

Վերջին 30 տարիներուն է , որ շուրջ 150 հայեր հաստատուած են Փորթուգալ, ընդհանրապէս` Լիզպոնի մէջ: Ազգային թէ միութենական կեանք չկայ, ոչ ալ` եկեղեցի կամ հոգեւորական: 2016-ին Լիզպոնի մէջ ստեղծուած է Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութիւն: Թէ ի՞նչ կ՛ընէ այս ընկերակցութիւնը, անորոշ է: Գիտենք միայն, որ այս ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Կիւլպէնկեան»-ի դրամական օժանդակութեամբ Լիզպոնի համալսարանի բանասիրական բաժնին մէջ ներառուած է  հայոց լեզուի եւ մշակոյթի դասընթացք: Փորթուգալի խորհրդարանը 2019-ի ապրիլի 26-ին ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին բանաձեւ:

Իսկ Սպանիոյ հայկական համայնքի թուաքանակի մասին տարբեր կարծիքներ կան: Ոմանք 13-20.000 կը կարծեն, ուրիշներ 40-60 հազարի կը հասցնեն այդ թիւը: Հայաստանէն եկուորները գերակշիռ մասն են համայնքին, ընդհանրապէս հաստատուած`  Մատրիտ, Պարսելոնա, Վալենցիա, Մալակա եւ այլն: Տակաւին իր ձեւաւորումը չգտած համայնք մըն է, որուն նոր սերունդը կարելի է համարել, որ կորսնցուցած է մայրենի լեզուն: Տեղ-տեղ միօրեայ դասաժամեր կ՛ըլլան, ուր կը սորվին գրաճանաչութիւն, հայերէն եւ այլն: Աշխատանքի համադրում ու կազմակերպուածութիւն չկայ:

8.- Անգլիա. 2013 թուականի պաշտօնական վիճակագրութիւնը գնահատած է, որ շուրջ 1300 հայաստանածին հայեր կան Անգլիոյ մէջ: Իսկ հայերու թիւը` շուրջ 1800: Մինչդեռ հայկական աղբիւրներ 18-20.000-ի կը հասցնեն թիւը, որոնց շուրջ կէսը` Լոնտոնի մէջ, մնացեալի մեծ մասը բնակութիւն հաստատած է Մանչեսթըր… Հայեր Անգլիա գաղթած են` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Կիպրոսէն, Պարսկաստանէն, Եթովպիայէն, Հնդկաստանէն, Եգիպտոսէն եւ այլն: Երեք եկեղեցիներ կան, ամէնէն հինը` 1896-էն, Մանչեսթըրի մէջ: Երկլեզու պարբերական մը կար, հիմա կարծեմ չկայ: Հայոց լեզուի կիրակնօրեայ դպրոց մը կը պահէ համայնքը: Անգլիոյ կառավարութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը  չէ ճանչցած` առարկելով, թէ բաւարար փաստեր չկան, որ հայկական ջարդերը «ցեղասպանութիւն»  նկատուին` ըստ 1948-ի ցեղասպանութեանց մասին ՄԱԿ-ի ընդունած բանաձեւին… Տեղեկութեան համար արձանագրեմ, որ 19-րդ դարու առաջին կիսուն Ալեքսանտր Ռափայէլ անունով հայ մը եղած է Անգլիոյ խորհրդարանի գործուն անդամ, որ մեռած է 1850-ին, 72 տարեկանին: Կուսակցական կազմ ունինք, որուն մասին սակայն տեղեկութիւն չկրցայ ունենալ: Գիտեմ սակայն, որ տարիներ առաջ, կուսակցական կազմի ձեւաւորման սկզբնական շրջանին, իրարու հանդէպ տեղացիական լուռ անհանդուրժողութեան մթնոլորտ մը գոյութիւն ունէր կիպրահայերու, պարսկահայերու, լիբանանահայերու եւ այլոց միջեւ: Աւելի ուշ հաւաքատեղիի մը կալուածային սեփականատիրութեան հետ կապուած դատական ներքին վէճերու մէջ ինկաւ շրջանի կազմը, որուն պատճառով եւ մինչեւ այսօր կը թուի, թէ ջլատուած է կուսակցական կազմին արդէն իսկ ոչ այնքան զգալի ուժականութիւնը:

Ծանօթ.- Իսկ Իրլանտայի մէջ կը կարծուի, թէ հազիւ 500-ի կը հասնի հայ մարդոց թիւը: Կազմակերպուած վիճակ չունին, անհատ հայեր են, որ երբեմն հայանպաստ նախաձեռնութիւններ կ՛առնեն, ինչպէս, օրինակ, խաչքարի մը զետեղում…

9.- Հոլանտա (Նետերլանտներ) Կ՛ենթադրուի, թէ Հոլանտայի զանազան քաղաքներու մէջ ցրուած հայերու թիւը շուրջ 40.000 է: 17-18 դարերուն Ամսթերտամի մէջ կազմուած է փոքր համայնք մը հայերու, գլխաւորաբար` վաճառականներ, որոնք առեւտրական գործառնութիւններ կ՛ունենային հարաւասիական երկիրներու հետ: Համայնքը 18-րդ դարու սկզբին Ամսթերտամի մէջ կառուցած է նաեւ եկեղեցի մը, որ մէկուկէս դար ծառայելէ ետք համայնքի  հոգեւոր կարիքներուն, Էջմիածնի կաթողիկոսին հրահանգով վաճառուած է եւ փոխարժէքը փոխանցուած` Էջմիածնին: Մինչ այդ արդէն վերջ գտած էր համայնքին կեանքը` Նափոլէոնի արշաւանքին պատճառով:

Այսօրուան համայնքը մեծաւ մասամբ կազմուած է 1970-ական թուականներէն` Թուրքիայէն, Լիբանանէն, Պարսկաստանէն, Իրաքէն, Ռուսիայէն եւ Հայաստանէն եկուորներով, որոնք կեդրոնացած են գլխաւորաբար Հոլանտայի արեւմտեան բաժնի մեծ քաղաքներու մէջ` Ամսթերտամ, Լա Հէյ, Ռոթըրտամ, Ալմերօ եւ այլն:

Երկրի խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հոն կը գործէ Հայ դատի յանձնախումբ մը, որ սերտ գործակցութիւն ունի Ֆրանսայի յանձնախումբին հետ: Անոնք միասնաբար իրենց աշխատանքները կը համադրեն` խորհրդակցութեամբ Պրիւքսելի կեդրոնական գրասենեակին:

10.- Ֆրանսա.- Ֆրանսահայութեան թիւը անորոշ է: Նոյնիսկ յստակ չեն հայ կոչուելու չափանիշները: Տարիներ առաջ 350.000 կը հաշուուէր: Ապա երկար ատեն 500.000 կ՛ըսէինք: Հիմա սկսած ենք 600.000-ի մասին խօսիլ: Թուրքերը կը փորձեն միշտ աւելի բարձր թիւերով տպաւորել ֆրանսացիները: Հին հայերը հաստատուած էին

Փարիզ-Լիոն-Մարսէյ առանցքին վրայ: Նորերը ամէն տեղ են, յաճախ` երկրորդական քաղաքներուն մէջ, քանի որ մեծ քաղաքներուն մէջ բնակութեան վայրերը շատ սուղ են:

Հայաստանէն վերջին երեսուն տարիներուն գաղթած հատուածին թիւը եւս անորոշ է: Կարելի է մօտաւորապէս 70.000-100.000-ի շուրջ  գնահատել, որմէ շատ փոքր տոկոս մը` 1-2%ը, կը մասնակցի համայնքի աւանդական կառոյցներու կեանքին: Անշուշտ այդ մասնակցութիւնը  կախում ունի նաեւ տեղացի հայերու ընդունելութենէն: Ընդհանրապէս Հայաստանէն եկուոր հայերը եկեղեցիին կապուած են: Բացի Նիսի շրջանէն, որ անկախ կը գործէ, մնացեալ եկեղեցական գործօնները կապուած են ու ենթակայ` էջմիածնական առաջնորդարանին ու Ազգային վարչութեան:

Ֆրանսայի հայութիւնը ընդհանրապէս անհոգ գտնուած է դպրոցաշինութեան մարզին մէջ: 1929-էն Փարիզի արուարձան Սեւրի մէջ կը գործէր Մխիթարեաններուն հիմնած դպրոցը, որ չդիմանալով ծախսերուն` իր դռները փակեց 1990-ին: Անկէ տասնամեակ մը ետք, 1980-ական թուականներէն դպրոցաշինական նոր արշաւ մը սկսաւ, այն ալ դուրսի մղումով ու ոչ` ֆրանսաբնակ բարերարներու նիւթական օժանդակութիւններով: (Նկատել, որ Մխիթարեաններն ալ ֆրանսահայութեան մաս չէին կազմեր): Ներկայիս ամէնօրեայ 9 դպրոցներ կը գործեն Ֆրանսայի մէջ, 4 Փարիզի շրջակայքը եւ 5` հարաւի տարբեր քաղաքներու մէջ: Աշակերտութեան ընդհանուր թիւը 1.500 կամ քիչ մը աւելի կարելի է նկատել, մինչ կ՛ենթադրուի, թէ դպրոցական տարիք ունեցողները թերեւս 60.000-էն աւելի են:

Ֆրանսահայ կազմակերպութեանց  կողմէ  եւ համանախագահութեամբ  գործող մարմին մը կազմուած է Ֆրանսայի մէջ` Ֆրանսահայութեան համագործակցութեան կոմիտէ (CCAF), որ կը ներկայացնէ ֆրանսահայութիւնը եւ ընդունուած է իբրեւ այդպիսին թէ՛ հայկական եւ թէ՛ Ֆրանսայի քաղաքական, կուսակցական, ակադեմական ու լրագրողական  շրջանակներու կողմէ եւ ընդհանրապէս հանրային կարծիքի ընկալման մէջ: Որքան կրցած եմ հետեւիլ, կարգ մը շրջաններու մէջ վերջերս կազմուած են նաեւ CCAF-ի ենթակառոյցներ` զայն կազմակերպութեան մը վերածելու փորձով: Այս մարմինն է, որ կը մշակէ արտաքին յարաբերութիւնները  յանուն ֆրանսահայութեան:

11.- Պելճիքա.- Հին գաղութ մը եղած է Պելճիքան, ուր հայեր գերազանցապէս զբաղած են ադամանդի, ծխախոտի եւ առեւտրական գործերով: Ներկայ տուեալներով, հայ համայնքը կը կարծուի, թէ 40.000 կը հաշուէ: Հայ մարդոց առաջին հոսանքը դէպի Պելճիքա 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով եղած է: Ապա` պարսկահայեր, լիբանանահայեր, սուրիահայեր եւ վերջերս` Հայաստանէն: 1920 թուականին իսկ պետութիւնը իրաւական (de jure) ճանաչում շնորհած է Սեւրի դաշնագրին:

1980-էն գաղութը ունեցած է սեփական հաւաքատեղի, որ առանցքը դարձած է, որ համայնքը կազմակերպուի եւ ընկերային կեանք ու աշխուժութիւններ ունենայ: Գաղութը ունի Պելճիքայի հայութիւնը ներկայացնող կոմիտէ մը, որ իբրեւ այդպիսին` պետական ճանաչում ստացած է: Կը գործէ առաքելական գլխաւոր մէկ եկեղեցի` Էջմիածնի ենթակայ:

Պրիւքսելի մէջ  ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ  եւ անոր հովանիին տակ կը գործէ Եւրոպայի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը, որ ի նպաստ Հայաստանին ու Արցախին եւ ընդհանրապէս ի խնդիր Հայ դատին բաւական աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Եւրոխորհրդարանի շրջանակներու մէջ` բարեկամական կապեր հաստատած  ըլլալով եւրոերեսփոխաններու եւ եւրոխորհրդարանի  պաշտօնատարներու հետ:

Անհատ կուսակցականներ բոլորուած են Կեդրոնական գրասենեակին շուրջ եւ կ՛օժանդակեն անոր աշխատանքներուն:

Պելճիքայի խորհրդարանը ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

(Լիւքսենպուրկի մէջ կարելի չեղաւ հայերու հետք գտնել, բացի ՀՀ-ի հիւպատոսարանէ  մը):

Comments are closed.