Դաշնակցականի Ակնոցով Դիտուած. Եւրոպայի Հայկական Համայնքներու Մասին Դիտարկումներ – Բ. մաս

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Մեր կայքէջին վրայ հրատարակած էինք մեր յօդուածագրին` Միհրան Քիւրտօղլեանի քաղած հարեւանցի տեղեկանքը` Եւրոպայի հայագաղութներու մասին: Վերջին բաժնով կու տանք նաեւ իր կատարած ընդհանուր դիտարկումները: Ընթերցողները նկատած պիտի ըլլան անշուշտ, որ զանց առնուած են նախկին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող եւրոպական երկիրները` անոնց վերաբերեալ տեղեկատուութիւններ  հաւաքել չկարենալուն  պատճառով:

12.- Լեհաստան, Հունգարիա, Ռումանիա.- Ա)  Շատ հին գաղութ եղած է Լեհաստանը, ուր հայերը այլեւս կորսնցուցած են իրենց լեզուն, նոյնիսկ` հայկական ինքնութիւնը: Շատեր ծագումով հայ ըլլալնին կը յիշեն: Կ՛ենթադրուի, թէ այսպիսիներուն վրայ գումարած Հայաստանէն եւ նախկին խորհրդային երկիրներէն  հոն հաստատուած հայերու թիւը  կարելի է համարել շուրջ 40.000: Կարգ մը քաղաքներու մէջ մէկտեղուած հայ հաւաքականութիւններ խաչքարեր կը կանգնեցնեն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, ինչպէս նաեւ գրաճանաչութեան եւ հայերէնի շաբաթական միաժամ-երկժամ դասընթացքներ կը փորձեն կազմակերպել, որոնց մասնակցողներուն թիւը անորոշ է: Եկեղեցի չունին: Էջմիածնէն ուղարկուած   հոգեւորական մը քաղաքէ քաղաք կը շրջի հոգեւոր ծառայութեան համար: Աւելորդ է արձանագրել, որ համայնքային ու կազմակերպուած կեանք չունին:

Բ) Հունգարիա.- Նոյնպէս, Հունգարիոյ մէջ հայկական գաղութ մը կազմուած է հին ժամանակներէն: Անի մայրաքաղաքի անկումով սկսած զանգուածային արտագաղթողներէն շուրջ 600 ընտանիք Մոլտաւիոյ վրայով կայք հաստատած է Հունգարիոյ մէջ շուրջ 13-րդ դարուն եւ այդ ժամանակի Թրանսիլվանիոյ (ներկայիս` Ռումանիա) մեծ իշխանը վաւերացուցած է այդ ընտանիքներու կեցութեան արտօնութիւնը` անոնցմէ 55-ին տալով ազնուականի տիտղոս եւ միւսներուն` աշխատանքի դիւրութիւն եւ կարգ մը առանձնաշնորհումներ: Նոյնիսկ հայերով բնակուած քաղաք մը կոչուած է «Հայաքաղաք» (Արմէնոպոլիս-Արմէնիերսդատդ):

Հունգարիոյ ներկայի հայկական տարրը գոյացած է Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք: Անորոշ է հոն բնակող հայերուն թուաքանակը` տրուած ըլլալով, որ 3.500-էն մինչեւ 30.000 կը տարուբերի ենթադրուած թիւը: Մեծամասնութիւնը կը բնակի Պուքրեշի մէջ ու շրջակայքը: Համայնքային կեանք գոյութիւն չունի, յստակ ալ չէ՞, թէ մերթընդմերթ հայկական փոքր հաւաքներ կ՛ըլլա՞ն, թէ՞ ոչ:

Գ) Ռումանիա.- Եւրոպայի ամէնէն հին համայնքներէն մէկը եղած է ռումանահայութիւնը: Անիի անկումով (1045) սկսած զանգուածային գաղթը,  աւելի վերջ Կիլիկիոյ թագաւորութեան կործանումը (1375),  ապա նաեւ համիտեան ջարդերն ու Հայոց ցեղասպանութիւնը հետեւանք ունեցած են, որ հայեր ապաստան փնտռեն ու գտնեն Ռումանիոյ մէջ: Հին ժամանակներէն երկրի իշխանութիւններն ու բնակչութիւնը բարեացակամ գտնուած են հայերու նկատմամբ: 1401 թուականին, ատենի Սուչաւա մայրաքաղաքին մէջ հիմնուած է եպիսկոպոսական  աթոռ (առաջնորդարան) օրուան իշխանին յատուկ հրովարտակով: 17-րդ դարուն դէպի Ռումանիա հայերու հոսք մը եղած է Լեհաստանէն, երբ հոն բռնի կաթոլիկացման ճնշումները սկսած են սաստկանալ:

1930-ականներուն ռումանահայերու  թուաքանակը կը նկատուէր շուրջ 80.000: Ռումանիոյ համայնավարացումէն ետք սկսաւ հայաթափումը: 1960-ական թուականներէն բազմահազար ռումանահայեր ԱՆՉԱ-ի միջոցով գաղթած են դէպի Ամերիկա: Հիմա հազիւ 2000 կարելի է հաշուել հայերու թիւը: Էջմիածնական թեմի առաջնորդարանի ենթակայութեան տակ կը գտնուին  18 հայկական եկեղեցիներ, 2 վանք, 1 բերդ, 8 հայկական գերեզմանոցներ, հարուստ թանգարան մը եւ գրադարան մը, ուր կը պահուին` շուրջ 2000 հնատիպ գրքեր, 200-300 սրբանկարներ, եկեղեցական հարուստ ու մեծարժէք սպասներ, մօտաւորապէս  60 ձեռագիր, 300 տարուան արխիւ եւ այլն: Թեմին մէջ կը ծառայեն 5 քահանաներ, կը գործէ կիրակնօրեայ դպրոց մը` շուրջ 25 աշակերտներով: Հայախօսութիւնը գրեթէ չքացած է: Առաջնորդարանի կողքին կը գործէ Ռումանահայ միութիւնը, որ երբեմն ձեռնարկներ կը կազմակերպէ:

13.- Պուլկարիա.- Հին գաղութ եղած է պուլկարահայ գաղութը:  Բիւզանդական շրջանին,  5-րդ դարուն, կայսրութեան բանակին հայ զինուորներէ բաղկացած այրուձին ընտանիքներով հաստատուած է այսօրուան Փլովտիւ (Ֆիլիբուպոլի) քաղաքի շրջակայքը` բարբարոսներու դէմ պաշտպանելու համար կայսրութեան սահմանը: Անկէ ետք, յատկապէս` 11-րդ դարէն սկսեալ, մնայուն ներկայութիւն եղած է հայկական տարրը:

20-րդ դարու սկզբին եռուն եղած է պուլկարահայ գաղութը` ազգային, կուսակցական, կրթական, մամուլի թէ միութենական առումներով: Նշանաւոր մտաւորականներ ու հերոսներ ապրած են հոն: Քրիստափոր Վիտոշի լանջերուն էր, որ արկածով զոհուեցաւ` Ապտիւլ Համիտը ահաբեկելու միտուած ռումբի պատրաստութեան ընթացքին: Անդրանիկը Վառնա, իսկ Նժդեհը Սոֆիա ապրած են  որոշ շրջան մը: Պալքանեան պատերազմին (1912-1913) այս երկուքի ղեկավարութեամբ հայ երիտասարդներէ բաղկացած վաշտ մը  պուլկարական բանակի կողքին կռուած է Թուրքիոյ դէմ եւ` յաղթանակներ տարած, որուն համար ալ անոնք` Անդրանիկն ու Նժդեհը,  արժանացած են Պուլկարիոյ «Քաջութեան հերոս» տիտղոս-շքանշանին եւ այլն: Դաշնակցութիւնը հոն զինագործարան մըն ալ ունեցած է: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, երկրի համայնավարացման պատճառով հայ կեանքը ամլացած է հասկնալիօրէն:

Իսկ ինչ կը վերաբերի ներկայ ժամանակներուն, համայնավարութեան փլուզումէն ետք որոշ աշխուժութիւն մը ապրեցաւ Պուլկարիոյ հայութիւնը, որուն գործնապէս օժանդակած են Յունաստանի ՀՅԴ կազմակերպութիւնը, Հայ կապոյտ խաչը, երիտասարդականը: Գործիչային աշխատանքով յառաջացած էր կուսակցական (ՀՅԴ) կազմ` Սոֆիայի եւ Փլովտիւի հայահոծ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ փոքր խումբ մը` Պուրկաս կոչուած քաղաքը: Հայահոծ այդ երկու քաղաքներու մէջ կազմուած էին` Հայ դատի յանձնախումբ, ՀՕՄ-ի մասնաճիւղ, սկաուտութիւն, եւ ընկերներու կողմէ կը հրատարակուէր «Վահան» անունով պարբերական մը: Այդ աշխուժութիւնը պահելու եւ խթանելու համար շրջանը պէտք ունէր տիրութեան, հետեւողական  խնամքի, գործիչային այցելութիւններու, որոնց մէջ կը թուի, թէ թերացած ենք եւ` անտիրութեան մատնած զայն: Ստեղծուած միութենական գործօններու նկատմամբ մեր անտարբերութիւնը, առաւել եւս` երկրի տնտեսական շատ դժուար պայմաններու պատճառով ծայր առած արտագաղթը հիւծած պիտի ըլլան շրջանը: Վստահաբար հոն անհատ դաշնակցականներ կը շարունակեն գործել, բայց կասկածելի է, որ անոնք կազմակերպ վիճակ ունենան:

Ինչ կը վերաբերի երկրի հայութեան թուաքանակին, տուեալները հակասական են` տասը հազարէն մինչեւ 25-30 հազար… Հայահոծ քաղաքներն են` Փլովտիւը (Ֆիլիփուպոլի), մայրաքաղաքը` Սոֆիան,  ծովեզերեայ Վառնան, Ռուսէ եւ այլն:

Դիտարկումներ

1.- Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Պալթեան երկիրներու  հայութիւնն ալ  համարելով շուրջ երկու միլիոն` ընդհանուրը կ՛ունենանք երեք միլիոնի շուրջ տարուբերող թիւ մը: Այս թիւը ԵՆԹԱԴՐԱԿԱՆ է, եւ ոչ մէկ հիմք կայ զայն հաստատելու, քանի որ ոչ մէկ տեղ ճիգ կատարուած է հայահամարի, թէկուզ` անկատար: Նոյնիսկ պետական սպասարկութեանց մէջ հայահամարի հետազօտութեամբ մը կարելի չէ արդիւնքի հասնիլ` տրուած ըլլալով, որ հոն ալ արձանագրութիւնները կատարուած են ըստ անձնաթուղթի եւ ոչ թէ` ըստ ազգութեան: Թերեւս նշումներ եղած ըլլան կրօնի ու դաւանանքի մասին (քրիստոնեայ, իսլամ կամ այլ): Որով, սփիւռքը վերակազմակերպելու Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչ-հրամայականին  առաջին պայմանը հայահամարի ձեռնարկելն է, որ ըստ ինծի, մասամբ կրնայ ձեւ ու մարմին առնել հոգեւոր ծառայողներու կողմէ, որոնք առիթներով կամ առանց առիթի լաւ է, որ հայկական ընտանիքներու այցելութիւններ տան… Կարեւոր է հայահամարը, թէկուզ` անկատար արձանագրութիւններով: Նախ գիտնանք, թէ ի՛նչ ատաղձ ունինք:

2.- Բացի Յունաստանէն եւ որոշ չափով Կիպրոսէն` ոչ մէկ շրջանի մէջ հայկական կեանքին տիրութիւն ընողը մեր կուսակցութիւնն է: Եւրոպական բոլոր երկիրներու մէջ մեր կազմակերպութիւնը իր համակիրներով մէկ մասն է հայագաղութին, թերեւս` ամէնէն բարձրաձայնը, գործունն ու կազմակերպը, բայց  տիրութիւնը իրեն չի պատկանիր` բացի Յունաստանի շրջանէն, նաեւ որոշ չափով` Կիպրոսէն: Հակառակ այս նշումին` պէտք է արձանագրել սակայն, որ այդ երկիրներու մէջ Հայ դատ հետապնդողները Դաշնակցութեան կորիզներն են, կամ անհատ կուսակցականները: Նոյնպէս անոնք են, որոնք հետեւողական աշխատանքի լծուած են նորակազմ հայագաղութները կազմակերպ վիճակի հասցնելու եւ զանոնք ազգային նպատակներուն առնչելու համար:

3.- Այնպէս կը թուի, թէ հակառակ 30 տարուան փորձառութեան` տակաւին շփոթ մը կայ Հայաստանի դեսպանատուներու հանգամանքին նկատմամբ:  Շփոթը կը յառաջանայ քաղաքական ընտրանքներէ եւ ներհայաստանեան քաղաքական կեանքի նախասիրութիւններէ, որոնց պատճառով դեսպանատուներու նկատմամբ յաճախ կը նախաձեռնուին այնպիսի շարժուձեւեր, որոնք   վիրաւոր կը դարձնեն «պետականութիւն» եւ «կառավարութիւն» հասկացութեանց  միջեւ արդէն իսկ շփոթալի շատ նուրբ տարբերութիւնը: Նման պարագաներու բնական է, որ առնուած նախաձեռնութեանց նկատմամբ վերապահ դառնան ազգայիններ, նաեւ` քաղաքական կազմաւորում ունեցող համակիր անձեր:

4.- Տարիներու փորձառութիւնը կը թելադրէ, որ երկրի մը մէջ որքան փոքր է գաղութը, աւելի ու աւելի մեծ ու ամուր պիտի ըլլայ կազմակերպուածութիւնը, նոյնքան ու աւելի`  համադրուած  աշխատանքը, որպէսզի գաղութը նկատուի   քաղաքական ազդակ կամ առնուազն` քաղաքական ներկայութիւն: Այսպէս թէ այնպէս, 5-6 հարիւր հազար Ֆրանսայի հայութիւնը բաւական մեծ թիւ է, որ նկատի առնուի եւ ըստ այնմ պետական-կառավարական վերաբերում ճշդուի հայկական խնդիրներու նկատմամբ, մինչդեռ, օրինակ, Յունաստանի 12-15 հազարը այնքան աննշան թիւ է, որ նկատի պիտի չառնուէր, եթէ գաղութը  չըլլար այնքան կուռ ու կազմակերպ, որ կարենար տալ գաղութի թուային ուժականութենէն տասնապատիկ աւելիի տպաւորութիւն…

5.- Նկատելի է, որ բացի Կիպրոսէն` մնացեալ հայագաղութներու մէջ ազգայիններ տակաւին բանտուած կը մնան «անթիլիասական-էջմիածնական» անհեթեթութեան թակարդին մէջ: Կարծէք` անգիր օրէնք կայ, որ մէկ «ճակատ»-ին համակիր ազգայիններ  չմասնակցին միւս «ճակատ»-ի թեմական ընտրութիւններուն եւ չմասնակցին թեմի վարչական, տնտեսական, ուսումնական, հոգաբարձական եւ այլ աշխատանքներուն: Մինչդեռ, իբրեւ անբաժանելի մասնիկը  հայագաղութին, ոչ միայն բոլորիս իրաւունքն է, այլ մանաւանդ պարտականութիւնն է  քրտինքի մեր բաժինը բերելու ընդհանրական գործին: Զարմանալի է տակաւին յամեցող այս անգիր օրէնքը` հակառակ այն իրողութեան, որ սփիւռքահայ այսօրուան սերունդը եւ ղեկավարութիւնը բացարձակ անտեղեակ են հին ժամանակներու պատկանող եկեղեցական  վէճերուն: Անոնց մեծամասնութիւնը նոյնիսկ ծնած չէր այդ տխուր օրերուն: Օրինակուինք Արամ Ա. կաթողիկոսէն, որ իր կաթողիկոսութեան առաջին օրերէն իր շուրջ կը բոլորէ երկու «ճակատ»-ներէն մարդեր եւ կարեւոր գործեր կը վստահի անոնց: Ազգային գործերու մասնակցութեան իրաւունքն ու պարտականութիւնը ամէն ազգայինի կը պատկանի, ինչ որ արդէն հրահանգն է Ազգային սահմանադրութեան, որուն վաւերացման 160-րդ տարեդարձն է այս տարի:

Ըստ Հայ եկեղեցւոյ թեմական կանոնակարգին եւ հայ մարդու ներկայ ժամանակի ընկալումին, թեմի վարչական գործերու տնօրինման մէջ որոշումներ կայացնելու աշխարհականներու դերակատարութիւնը հիմնական է թէ՛ իբրեւ պարտականութիւն եւ թէ՛ իբրեւ իրաւունք: Ասոր համար ալ արդէն նախատեսուած է Կրօնական ժողովի  կառոյցը, ուր գործ չունին աշխարհական մարդիկ: Այս իրականութիւնը ժխտողները  կղերապետական հակում ունեցողները միայն կրնան ըլլալ, ինչ որ այսօրուան հայ մարդուն համար անտեղիտալի հաստատամտութեամբ մերժելի է ըստ ամենայնի:

Առ այս կ՛առաջարկուի քանդել «անթիլիասական-էջմիածնական» պիտակին տակ քարացած մտայնութիւնը եւ մասնակից դառնալ թեմական բոլոր գործերուն` ընտրութիւններէն մինչեւ վարչարարական պարտականութիւնները:

Comments are closed.