ԳԱՆԱՏԱՅԻՆ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
2380
0
Երեքշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2020-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Արթիկ՝ Շիրակի մարզ, բաժնելու համար մարդասիրական օժանդակութիւն եւ կենցաղային իրեր տեղահանուած Արցախահայութեան, որոնք կեանքի այս հանգրուանին մնացին անպատսպար ու անհայրենիք։
Արթիկ քաղաքը կը գտնուի Հայաստանի Շիրակ մարզին մէջ, Արագած լեռան հիւսիս-արեւմտեան լանջին՝ 105 քմ դէպի Երեւան քաղաք, իբրեւ անցք կը գործէ Մարալիկ-Արթիկ-Կիւմրի երկաթուղին։
Պատուիրակութիւնը անձամբ բաժնեց մարդասիրական օժանդակութիւնները տեղահանուած ընտանիքներուն եւ անհատներուն՝ ըստ միջազգային մարդասիրական ուղղեգիծի դրոյթներուն, առաջնահերթութիւնը տալով սնունդի եւ առողջապահական պիտոյքներուն, իսկ կարգ մը պարագաներու տրամադրելով կանխիկ գումար։ Օժանդակութիւնները յանձնուեցան թիւով 32 ընտանիքներու՝ 123 անհատ։
Սոյն մարդասիրական ծրագիրը կազմակերպուած է հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ համագործակցութեամբ Հայաստանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմնին եւ Արթիկի շրջանի կոմիտէին եւ Երիտասարդական կառոյցին։
Արցախահայութեան կարիքները անսահման են, հետեւաբար շարունակենք նուիրաբերել եւ մեր ներդրումով՝ աջակցինք այս վեհանձն առաքելութեան, որպէսզի գաղթական մեր հայրենակիցները յոյսով ու արժանապատուութեամբ ապրին։
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ