Բեթղեհեմեան երկնակամարի արեւածագը. ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
«Որովհետեւ Աստուած իր գթառատ ողորմութեամբ իբրեւ Արեգակ՝ երկինքէն պիտի ծագի մեր վրայ, եւ յայտնուի մեզի, որ խաւարի մէջ եւ մահուան շուքին տակ կը մնայինք, որպէսզի մեր ոտքերը դէպի խաղաղութեան ճամբան ուղղէ» (Ղուկ. 1.78-79)։
Դարձեալ Նոր Տարի։
Նոր թուական։
Նոր Արշալոյս։
Նոր Արեւածագ Բեթղեհեմեան երկնակամարին վրայ։
Ինչպիսի՜ մեծ հրաշք, Աստուած երկնային բարձունքէն մեզի կ՚այցելէ։
Ան իջաւ բարձունքէն։ Արեւածագը այն պահն է, երբ արեւը կը յայտնուի հորիզոնին վրայ։ Գիշերը՝ դուրսը խաւար է ամէն կողմ, կարծէք առաւօտը երբէք պիտի չբացուի։ Ժամերը կ՚անցնին, տակաւին լոյս չկայ։ Սակայն երբ քիչ մը աւելի սպասենք կը տեսնենք, որ արեւը վերջապէս երկրի ծայրը կը սկսի իր ոսկեայ շողերով երեւալ, որոնք կամաց-կամաց կը թափանցեն մթնշաղէն, հեռացնելով խաւարը։
Աւետարանիչները մեր Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան պատումին մէջ կը մէջբերեն Եսայի մարգարէին ապագայատեսիլ սա խօսքերը. «Խաւարի մէջ քալող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ, Մահուան շուքին երկիրը բնակողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ» (Ես 9.2), մարգարէն այս խօսքերը ակնյայտօրէն կ՛ակնարկէ ապագայ թագաւորի գալստեան։
Ճիշդ այսպէս տեղի ունեցաւ Քրիստոսի գալուստը աշխարհ։ Խաւարի մէջ նստած Ժողովուրդներ երկար երկար սպասեցին Արևածագին. արեւածագ, որ լոյս սփռեց խաւարի մէջ ապրող մարդոց վրայ։ Սպասումը կու գայ հաւատքէն, երբ վստահ ենք, որ պիտի պատահի կամ պիտի գայ այն, որուն յոյս ենք կապած, որուն կապուած է նաև մեր ժամանակը: Առանց հաւատքի չկայ սպասում:
«Իբրեւ Արեգակ՝ երկնքէն պիտի ծագի մեր վրայ եւ յայտնուի մեզի»։
Մէկ խօսքով, Լոյսը՝ Ծագող Արեգակը երկնքէն իջաւ, լուսաւորելու համար խաւարի եւ մահուան ստուերին տակ ապրողները, լուսաւորելու անոնց կեանքի ճանապարհը, առաջնորդելու դէպի խաղաղութիւն, երանութիւն։
Ինչո՞ւ Աստուած փրկիչներ ուղարկեց անցեալին իսկ ժամանակի մէկ երանելի պահուն Փրկիչ մը միայն ղրկելու խոստումը տուաւ։
Ինչո՞ւ Աստուածորդին աշխարհ եկաւ։
Աստուած ինչո՞ւ մարդեղացաւ։
Որովհետեւ մարդը մեղքի տիղմին մէջ ընկղմուած էր։
Որովհետեւ մարդը խաւարի մէջ կ՚ապրէր։
Որովհետեւ Աստուած տեսաւ, որ մարդը անօգնական էր, ան պէտք ունէր փրկարար ձեռքի մը, պէտք ունէր օժանդակ ձեռքի մը, վեր հանելու զինք այդ անկեալ վիճակէն, խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդելու, ազատագրելու մեղքի ճիրաններէն եւ փրկութեան ճամբով հասցնելու Իրեն՝ Ամենակալին։
«Այն ժողովուրդը որ խաւարի մէջ կ՚ապրէր, մեծ լոյս մը տեսաւ, եւ մահուան աշխարհին ու շուքին ապրողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ» (Մտթ. 4։16)։
Մէկ խօսքով մարդը պէտք ունէր ծագող արեգակին, առաւօտեան բացուող արշալոյսին, այդ լոյսով լուսաւորելու իր խաւարացած սիրտն ու հոգին։
Երբ լոյսը կը բացուի, ամէն ինչ տարբեր կ՚երեւի, իր հարազատոթեամբ ու ճշմարիտ։ Խաւարին մէջ մենք միայն կրնանք պատկերացնել առարկայի մը վերացականութիւնը, գոյնի մը իսկությունը. Իսկ երբ լոյսը կը բացուի, այդ առարկային վերացականութիւնը կը դադրի կը դառնայ իսկական մարմին, գոյնին իսկութիւնը կը հագնի ճշմարտութեան հանդերձ:
Երբ լոյսը կը բացուի, քաջութեամբ կը լեցուին մեր սիրտերը, սկսելու մեր օրը, մեր աշխատանքը, շարունակելու դադար առած մեր նուիրումն ու ծառայութիւնը աւելի նպատակադրուած ու նպատակաուղղուած կը դառնան, շարունակելու մեր կեանքը, շարունակելու մեր յաղթական երթը դէպի խաղաղութեան ճանապարհ։
Քրիստոս է ճշմարիտ, յաւիտենական եւ մշտնջենական լոյսը։
Ան, երբ Իր Աստուածային բարձունքէն խոնարհեցաւ, եկաւ այս աշխարհ, իբրև լոյս, ամէն ինչ փոխուեցաւ. Ոչ մէկ բան այլեւս նոյնը չմնաց, վերացականը դարձաւ իրական և թանձրական, լոյսը ինք դարձաւ մարմին։
Մեր կեանքին մէջ շատ մեծ մութ անկիւններ ունինք. «Մենք, որ կը մնայինք խաւարի եւ մահուան շուքի տակ»։ Չկայ աւելի մռայլ վայր, քան մեր մեղքերու անդունդը։ Բոլորս ալ ծանրացած ենք մեղքերու բերան տակ, և շատ յաճախ չենք գիտեր ի՞նչ ընել։ Երբ Քրիստոս Իր լոյսը շողացնէ մեր վրայ, կը լսենք տէրունական խօսքը, որ դատապարտութիւն չէ, այլ սիրառատ հրաւէր՝ «Ինծի եկէ՛ք, հաւատացէ՛ք ինծի, վստահեցէ՛ք ինծի»։ Եւ երբ մենք լսենք Անոր ձայնը և ընդառաջենք Անոր հրաւէրին, մեր մեղքերը վերջնականապէս կը ներուին եւ մենք կը թեթեւնանք մեղքի ծանրութենէն։
Քրիստոս աշխարհ գալով, մահուան ստուերը ընդմիշտ հեռացաւ։
Երբ Ան եկաւ, մեր մեղքերը Իր վրայ վերցուց եւ միանգամայն մեզ ազատագրեց։
Երբ Ան եկաւ, մեր ոտքերը գտան խաղաղութեան փնտռուած ճանապարհնեը։ Ան եկաւ, «Որպէսզի մեր ոտքերը առաջնորդէ դէպի խաղաղութեան ճանապարհ»։
Նայի՛նք Արեւին, որպէսզի հաստատ քալենք, հասկնանք թէ ո՛ւր և ինչո՛ւ կ՛երթանք։
Այո՛, Քրիստոս է յաւիտենական լոյսը եւ ճշմարիտ ուղին, բոլոր անոնց համար, որոնք կորսնցուցած ըլլալով իրենց ճանապարհը, սրտի ու մտքի հայեացքով կը փնտռեն այդ ուղին։ Ուղի մը, որ մարդիկը դէպի խաղաղութեան ճանապարհ կ՚առաջնորդէ, Աստուծմէ հեռացած մարդուն Աստուծոյ կը տանի, Հօր Աստուծոյ հետ հաշտեցնելու։ Եւ «Հիմա, որ հաւատքով արդարացած ենք, այլեւս հաշտուած ենք Աստուծոյ հետ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով» (Հռ. 5։1)։
Նայի՛նք Արեւին, որպէսզի տեսնենք կեանքի գոյներուն զանազանութիւնը, հասկնալու թէ ի՛նչ կ՛ուզենք և ինչո՛ւ կը փնտռենք։
Ս. Ծննդեան առաջին առաւօտը Արեւը իմանալիօրէն փայլեցաւ Բեթղեհէմի երկնակամարին վրայ։
Այսօր, Բեթղեհէմի մսուրէն շողարձակուող լոյսը կը տարածուի ամբողջ աշխահի վրայ, որպէսզի խաւարի մէջ ապրողները դուրս գան մեղքի խաւարէն, որպէսզի յուսադրուին անոնք, որոնք տակաւին իրենց կեանքի իսկական ուղղին չեն գտած։
Նայի՛նք Միածին Որդիին։
Եւ այսօր, այս մեծ խորհուրդի տօնին, եկէք քննենք մեր անձերը, երբեւէ Քրիստոսի լոյսը ճառագայթա՞ծ է մեր սրտերուն մէջ, թէ տակաւին խաւարի մէջ կ՚ապրինք։ Ի՞նչ է մեր պատասխանը։ Թող տօնական այս լոյսը մեզի մտածել տայ մեր տալիք պատասխանի մասին:
Քրիստոսի Ծնունդը մշտագոյ ճշմարտութիւն է, Աստուծոյ յաւերժական ու մշտական այցելութիւնը Իր ժողովուրդին։ Աւետիս է բոլորիս:
Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս. Երկնքէն ծագող Արեգակը՝ Քրիստոս այստեղ է, եկած է կրկին մեզի ացելելու։ Հրաւէրը ուղղուած է իւրաքանչիւրիս, պատճառաբանութիւններ չգտնենք Յիսուսի առակի փոխաբերական բառերով՝ «հինգ լուծ եզ եմ գներ, նոր արտ գնած եմ, նոր ամուսնացած եմ» և հազար ու մէկ պատճառաբանութիւններով։ Աստուածային հրաւէրին դիմաց ամէն պատճառաբանութիւն յօդս պէտք է ցնդի, փոխարէնը մեր անձերը լեցնելով հրաւէրին պատասխան տալու երկիւղածութեամբ և պատասխանատուութեամբ:
Սա աւետիս է:
Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս. Երկնքէն լոյսը երկիր իջած է, բանանք մեր աչքերը եւ տեսնելու սփռուած լոյսին գեղեցիկութիւնը, չէ՞ որ լոյսով է գեղեցիկ ամէն ինչ։
Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ծնած մանուկին լոյսով՝ արդար Արեգակը՝ աշխարհի ՓՐԿՉԻՆ լուսափայլութեամբ։
* * *
Ս. Ծննդեան նուիրական այս առաւօտեան, սիրոյ իմ սրտագին ողջոյնս կ՚ուղղեմ ձեզի՝ բոլորիդ,
Ձեզի եւ Մեզի Մեծ Աւետիս՝
Քրիստոս Ծնաւ Եւ Յայտնուեցաւ։
Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան
Առաջնորդ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի