«Բանահիւսական Պատումի Միջավայրը (Կրօնափոխ Համշէնահայերի Մի Զուարճապատումի Տարբերակները)»

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2022-ին լոյս տեսաւ Սերգէյ Վարդանեանի «Բանահիւսական պատումի միջավայրը (Կրօնափոխ համշէնահայերի մի զուարճապատումի տարբերակները)» ուսումնասիրութիւնը, բաղկացած` 352 էջերէ եւ 16 էջ` գունաւոր պատկերազարդ):

«Բանահիւսական պատումի միջավայրը» գիրքը իսլամացուած եւ քրիստոնեայ համշէնահայերու բանահիւսութեան համապարփակ քննութեան առաջին փորձն է:

Վարդանեան ներկայացուցած է Համշէնի վերջին երեք հարիւր տարիներու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ համշէնագիտութեան առնչուող դէմքերու կենսագրականները:

Հեղինակը իր պատմական ակնարկը սկսած է ԺԷ. դարու սկիզբէն` անդրադառնալով Սիմէոն դպիր Լեհացիի ուղեգրութեան էջերուն մէջ պահպանուած տեղեկութիւններուն:

Վարդանեան Համշէնի պատմութիւնը հիւսած է` հիմնուելով Ղուկաս Ինճիճեանի, Մինաս Բժշկեանի, Աբէլ Մխիթարեանի եւ Սարգիս Հայկունիի աշխատութիւններուն տուեալներուն վրայ:

Հեղինակը անդրադարձած է նաեւ Պաթումի մարզի համշէնահայերու պատմութեան եւ մշակոյթին:

Գիրքին «Կրօնափոխ համշէնահայերի բարբառի եւ բանահիւսութեան ուսումնասիրութեան պատմութիւնից» վերտառութեամբ գլուխին մէջ Սերգէյ Վարդանեան մանրամասն կերպով կ՛անդրադառնայ Համշէնի բարբառի առանձնայատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ համշէնագիտութեան ձեռքբերումներուն եւ կրօնափոխ համշէնահայերու մասին գրուած գիրքերուն ու յօդուածներուն:

Այնուհետեւ, հեղինակը կը ներկայացնէ «Արդէլեցիք` աւջի» զուարճապատումի 37 պատումներու բովանդակութիւնը, որոնք գրի առնուած են Ղազախստանի, Միացեալ Նահանգներու, Մոկսի, Արցախի, Ղարադաղի, Նախիջեւանի, Ջաւախքի, Կեսարիոյ, Լոռիի, Տաւուշի, Գեղարքունիքի, Սիւնիքի, Փերիայի, Մուշի եւ Հալէպի մէջ:

Սերգէյ Վարդանեան, իւրաքանչիւր պատում քննութեան ենթարկելով, ներկայացուցած է նաեւ բանասացնետու, բանահաւաքներու եւ հրատարակիչներու, ինչպէս նաեւ տուեալ պատումին մէջ բնակավայրի եւ գործող անձերու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ:

Հեղինակը նաեւ բանահիւսական յիշեալ պատումը համեմատած է այլ ժողովուրդներու` ռուսերու, թուրքերու, պարսիկներու եւ ասորիներու պատկանող տարբերակներու հետ: Առանձին գլուխ մը յատկացուած է ամերիկացի հայագէտ Ճէյմս Ռասըլի` հայկական որոշ զուարճապատումներու մասին դիտարկումներուն:

Շրջանառութեան մէջ դնելով իսլամացուած համշէնահայերու բանահիւսութեան նմուշները, Վարդանեան միաժամանակ ներկայացուցած է քրիստոնեայ հայերու շրջանին մէջ անոնց փոփոխակները:

«Բանահիւսական պատումի միջավայրը (Կրօնափոխ համշէնահայերի մի զուարճապատումի տարբերակները)» գիրքը բանագիտական լուրջ աշխատութիւն է եւ մեծարժէք պատմագրութիւն:

Comments are closed.