Արցախ, Հայ Դատ, Կարողականութիւն Եւ Համահայկական Օրակարգ

«Անկարելին կը հեռանայ, երբ դէպի անոր  կը քալենք»:
ԱՆԹՈՒԱՆ ՏԸ ՍԵՆԹ-ԷԿԶԻՒՓԵՐԻ
Ֆրանսացի գրող, Ի. դար

Յակոբ Պալեան

Այսօր փակուղիի մէջ ենք. Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ, հայրենահանուածներու եւ անոնց յետնորդներու տարածուող եւ բազմապատկուող սփիւռք(ներ): Բազմապատկուող` մինչեւ ե՞րբ եւ ինչո՞ւ:

Այսօր նախ պէտք է հարց տալ, որ Արցախը համայն հայութեան համար ո՛չ միայն բանիւ, այլ գործով, իրա՛ւ յանձնառութեան այժմէական օրակարգ եղա՞ւ, հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ, հարց տալէ առաջ, թէ ինչո՞ւ ան միջազգային օրակարգ չէ, ի՞նչ պէտք էր ընել եւ չըրինք: Ապա խօսինք ճշմարիտ հայկական օրակարգի մասին:

Արցախի բնակեցման քաղաքականութիւն ունեցա՞նք: 10.000 քառ. քմ տարածութեան վրայ բնակչութեան թիւը 150.000-ի սահմանը չանցաւ: Նոյնքան տարածութեամբ Լիբանանի բնակչութիւնը շուրջ 6 միլիոն է: Ինչպէ՞ս Արցախի փոքրաթիւ բնակչութիւնը պիտի կարենար դիմանալ Ազրպէյճանի 10 միլիոնին: Ի՞նչ ըրինք Արցախի բնակեցման համար, հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ): Անցնող երեսուն տարիներուն Արցախի բնակչութիւնը գէթ 300.000 չեղաւ: Այդ չըրինք: Ընդհակառակն, եղաւ արտագաղթ դէպի այլ երկիրներ, մասնաւորաբար` դէպի դրկից եւ «եղբայր» Հայաստան: Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւնները բնակեցման քաղաքականութիւն չմշակեցին: Արցախցիները դարձան երեւանցիներ, անոնք քաղաքական գործիչներ էին, մտաւորականներ, գործարարներ: Զանազան պատճառներով հայրենադարձողները եւս չգացին Արցախ, մնացին Երեւան: Հայաստանի պետութիւնը եւ Արցախի իշխանութիւնները եղած հիմնադրամները եւ զանազան վարկերը չյատկացուցին վերադարձի ու բնակեցման: Եթէ Լիբանանէն եկած Իշխանաձոր հաստատուող համեստ երիտասարդի օրինակով, որ անձնական նախաձեռնութեամբ հողամաս ձեռք բերած էր, հողամասեր եւ տարածքներ տրամադրուէին անոնց, որոնք կ՛ուզէին հաստատուիլ Արցախ, դիւրացուէր անոնց հաստատումը, բնակչութիւնը աճ կ՛արձանագրէր, եւ հողը տէր կ՛ունենար: Արցախցի մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ, յայտնիներ եւ նուազ յայտնիներ, եթէ չարտագաղթեցին անգամ դէպի «աւետեաց երկիր»-ներ, գացին Հայաստան, մասնաւորաբար` Երեւան: Առածը կ՛ըսէ, որ «պզտիկը կը նայի մեծին»… եւ Արցախը մնաց հեռաւոր գաւառի վիճակի մէջ: Սփիւռքէն ոմանք նոյնիսկ ներդրումներ ըրին, մասնակցեցան շինարարական աշխատանքներու, բայց հոն հաստատուողներ չեղան:

Հողը տէր կ՛ուզէ. պաշտպանող, մշակող:

Գեղեցիկ եւ տպաւորիչ ճանապարհներ շինուեցան, բայց անոնց եզրին բնակչութիւն չհաստատուեցաւ, բնակավայրեր չստեղծուեցան:

Առաջին օրէն պէտք էր գիտնայինք, որ թուրք-ազրպէյճանական քաղաքական լայնածիր ռազմավարութեան մէջ Արցախի թրքացումը համաթուրանականութեան իրականացման ճամբուն վրայ միացման օղակ էր: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը առաջինը ի՛նք պիտի ըլլար այդ վերահաս սպառնալիքը հասկնալու համար, որպէսզի ռուսական եւ միջազգային մեղսակից անտարբերութեամբ  չկրկնուի Նախիջեւանի հայկականութեան տրոհման նախընթացը: Այսօր հարց պէտք է տանք մենք մեզի, որ ի՞նչ կրնայինք ընել եւ ի՞նչ չըրինք, որպէսզի չփորձենք բացատրութիւններ եւ արդարացումներ գտնել մեր ձախողութիւններուն` վկայակոչելով մեծպետական բազմերես քաղաքականութիւնը, որուն ցանցին մէջ սկսնակի քաղաքականութիւն խաղցանք:

1992-ին Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն Ստեփանակերտ, մինչեւ հոն, ուր հայեր կային, ժողովրդային առողջ ազգային բնազդով լսուեցաւ եւ արձագանգեց ՄԻԱՑՈՒՄ-ը, որ քաղաքականութիւն համարուած ճապկումներով ՕՐԷՆՔ չդարձաւ, բայց իրողապէս, տէ ֆաքթօ, Հայաստան եւ Արցախ միացման ընթացքի մէջ եղան` տնտեսութեան, բանակի եւ քաղաքականութեան համագործակցութեամբ, առանց պաշտօնականացնելու եւ օրինականացնելու ՄԻԱՑՈՒՄ-ը: Եթէ օրինականացուած ըլլար միացումը, եթէ ոստումը կատարուած ըլլար, սիրողական քաղաքագէտի ճապկումներ նուազ ըլլային, Հայաստանի եւ Արցախի կացութիւնը մի՞թէ այսօրուընէ աւելի վատ պիտի ըլլար: Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը ինքզինք պարտաւոր պիտի համարէր տիրութիւն ընելու ՄԻԱՑԵԱԼ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ, որ աւելի նկատառելի  պիտի համարուէր նաեւ այլ երկիրներու կողմէ, քանի որ այդ տարածքին համար կրնային մշակուիլ զարգացման ծրագիրներ: Բայց ի սկզբանէ Հայաստանի պետութիւնը եւ անոր հանրային կարծիքը եսասիրական, խուսափողական եւ բացասական վերաբերում ունեցան: Չուզեցին անջատման-միացման պատճառով նախատեսելի եւ յառաջանալիք դժուարութիւնները ընդունելու պատրաստ ըլլալ: Արցախը իր ճակատագրին լքելու տրամադրութիւնը բացայայտ էր: Պէտք է յիշել քաղաքական գործիչ Աշոտ Բլէեանի յայտնի խօսքը, որ ղարաբաղցիներ մինչեւ հիմա կրցած են ապրիլ ազրպէյճանցիներու հետ եւ ասկէ ետք ալ կրնան ապրիլ… խօսք, որ տիրող մտայնութեան պատկերն է, նաեւ` այսօր:

Եթէ Երեւանի բազմայարկ հազարաւոր շէնքերու համեստ մէկ տոկոսը կառուցուէր Ստեփանակերտ, Շուշի, այդ Արցախի բնակեցման համար կարեւոր նպաստ կ՛ըլլար, հիմնադրամի միջոցներուն մէկ մասը օգտագործուէր հողամշակութեան ծրագիրներու իրականացման, մարդիկ կը մնային իրենց գիւղերուն մէջ, Երեւան կամ Մոսկուա, Նիւ Եորք, Գերմանիա չէին երթար: Նոյնիսկ սփիւռքահայեր, մանաւանդ` երիտասարդներ, հակամէտ կ՛ըլլային Արցախ հաստատուելու: Եւ հողը տէր կ՛ունենար: Փակագիծ մը. այսօր նոյնքան կարեւորութեամբ բնակեցման հեռանկարային քաղաքականութիւն պէտք է Հայաստանի համար, եթէ կամաւոր կուրութեան ախտով չենք վարակուած:

Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնութեան յուզական ճառերը հաւաքական մտածողութիւն, յանձնառութիւն եւ ղեկավարում չեղան: Սփիւռքը մնաց «Ամերիկայի հարուստ հօրեղբօր» դերին մէջ, այդքա՛ն, ընտրանքներու եւ որոշումներու մասնակցութիւն չունեցաւ: Այդ մասնակցութեան օրէնքով նախատեսուած հնարաւորութիւն չստեղծուեցաւ: Հանրապետութիւն, Արցախ եւ սփիւռք(ներ) չկազմակերպուեցան եւ չգործեցին ըստ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԾՐԱԳՐԻ, «Master plan»-ի մը: Այս կացութեան վերջին դրսեւորումը եղաւ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հեռացումը:

Ներազգային իրաւ համագործակցութեան մասին պէտք է խօսիլ, ցուցաբերել մասնակին եւ անմիջականը գերանցող քաղաքական իմաստութիւն, ոչ թէ` յաւելեալ իրաւունքի տիրացման ձգտելով, այլ` յաւելեալ պարտքի, նպատակադրելով ազգի վերականգնումը, պատմութեան պարտադրած բաժանումներու գերանցումով, գործի լծելով համայն ազգի կարողականութիւնները, ուր որ ալ ըլլան անոնք, Քամչաթքա թէ բեւեռներ, յաղթահարելով ամէն բնոյթի տարբերութիւնները եւ աշխարհագրական շրջաններու տեղայնութիւնները: Եթէ հայ մը կրնայ Արժանթինի նախարար ըլլալ, կամ ամերիկեան մեծ նահանգի մը կառավարիչ, պատճառ չկայ, պէտք չէ ըլլայ, որ ազգը չօգտուի անոր եւ նմաններու մարդկային-իմացական կարողութիւններէն, այս` բոլոր մարզերու մէջ: Հարկ է նաեւ խօսիլ հեռուի կամ մօտի դրացիներու հետ, հիմա արդէն հեռու եւ մօտ չկան: Ունենալ գործակից-դաշնակիցներ: Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ «բարեկամ» համարուած երկիրներ Հայաստանի նկատմամբ ունին միայն բարեսէրի բարոյական դեր, չեն ցուցաբերեր գործնական զօրակցութիւն, անոնք ըլլան Ռուսիոյ Դաշնութիւն, Եւրոմիութիւն, Միացեալ Նահանգներ, իրապէս նախայարձակումներու դէմ կանգնելու համար:

Եւ կորաքամակ մնալով` չգոհանալ յուսադրիչ խօսքերով:

Կրկին եւ կրկին պէտք է ըսել «Ցեղասպանութիւն»-ը ճանչցողներուն` «Յետոյ ի՞նչ»: Բայց մենք Ցեղասպանութեան ճանաչումներու մեր պահանջներուն ընկերացուցի՞նք, կ՛ընկերացնե՞նք այդ «յետոյ ի՞նչ»-ի խնդիրը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑ-ը ամբողջ մըն է, Արցախ, Ցեղասպանութիւն, հայրենահանում: Սփիւռքները ամէնուրեք այս ամբողջով «Հայ դատ» պիտի հետապնդեն, հայկական պետութիւնը իր միջազգային ընդունուած իրաւունքներով եւ ներկայացուցչական հնարաւորութիւններով global քաղաքականութիւն պէտք է վարէ, իսկ այդ global-ը կը պահանջէ global մասնակցութիւն` նժարի վրայ դնելով համայն ազգի, կրկնենք, բոլոր կարողականութիւնները, առանց զանոնք թէական կերպով փոխարինող ցուցադրական համաժողովներով եւ գիտաժողովներով, որոնցմէ ցարդ շօշափելի արդիւնք չեն ստացած ո՛չ ազգը, ո՛չ պետութիւնը եւ ո՛չ ալ բազմագոյն սփիւռքները:

Արցախը, պետութիւնը, Հայ դատը, Ցեղասպանութիւնը, հայրենահանումը, հայրենազրկումը ազգի եւ սփիւռք(ներ)ի լինելութիւնը տարբեր հարցեր չեն: Այս ըմբռնումով եթէ այսօր չգործենք մեր բոլոր կարելիութիւններով` առանց գերադասի եւ ստորադասի, առանց յաւելեալ իրաւունքներ հետապնդելու, վաղը ուշ կ՛ըլլայ:

Մանրուքներու, մասնակիի, որ բազմաթիւ է, եւ միայն անմիջականի, ժամանակաւորի բաւարարման հետամուտ պէտք չէ ըլլալ:

Ուժական (dynamique) ըլլալու համար պէտք է մտածել հեղինակութիւններու պահպանման մասին եւ զարգացնել լսելու եւ նոյն ուղղութեամբ նայելու առաքինութիւն, զոր հռոմէացիները կ՛ընդունէին որպէս հոգեկան ուժ: Այսինքն` յառաջացնել գաղափարական կեդրոնացում, որպէսզի ամէն արթնցող իր սրինգը չփչէ:

Այս հոգեկան ուժով պէտք է առաջնորդուիլ եւ գործել, նոյնիսկ երբ կը խորհինք, որ պատի առջեւ կանգնած ենք, արտաքին ուժերու եւ` մե՛ր մեղքերով:

Անկարելին այդպէս է, մինչեւ այն ատեն որ զայն կ՛ընդունինք որպէս այդպիսին: Երբ յաղթահարուի, հանրութիւնը  զայն կը համարէ ընթացիկ եւ բնական:

Կրնա՞նք վերանայիլ ազգի քաղաքականութիւնը` հետապնդելու համար այն, ինչ որ պարտուածները, այսօր կ՛ըսենք` նաեւ ընդարմացած քաղքենիացածները, կը համարեն անկարելի:

Յաճախ կը յիշեմ Ի. դարու ֆրանսացի պայծառ դէմքով մեծ գրող Անթուան տը Սենթ-Էկզիւփերին, որ առանց Արիստոտէլի, Պղատոնի, Հեկելի եւ Քանթի շարքին դասուելու` հանդիսացած է մարդկայնական իմաստուն:

Ի՜նչ մեծութիւն եւ խորք ունի իր խօսքը. «Անկարելին կը հեռանայ, երբ դէպի անոր կը քալենք»: Եւ այդ ընելու համար, իր խօսքով, պէտք է կանգնիլ եւ ընել առաջին քայլը, ապա` երկրորդ առաջին քայլը, եւ այդպէս շարունակել:

Այսօր իմաստութիւնը պիտի յուշէ, որ պատմութեան դասաւորումը այնպէս է, որ ԱԶԳ-ի, ԱՐՑԱԽ-ի, ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ի եւ հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւն-համրանք սփիւռքի ճակատագիրը չ՛որոշուիր միայն Հրազդանի ափին, այլ` համազգային կարողականութիւններու իրաւ համագործակցութեամբ:

Ինչպէ՞ս իրականացնել այս ազգային հրամայականը. յիշելով եւ յիշեցնելով, որ «վաղը միշտ ուշ է»:

Կ՛աւազախրինք, եթէ Պետութիւն, Արցախ եւ Հայաստան, նաեւ սփիւռք(ներ) սովորամոլութեամբ շարունակեն գործել նոյն աւանդամոլութեամբ եւ աղանդաւորականութեամբ, ծնունդ չտանք հակատեղայնական եւ հեռանկարային ազգային գաղափարախօսութեան եւ առաջնորդութեան, որ քալէ դէպի վերականգնում, ԱԶԳ-ի կարողականութեան վրայ կառուցելով ապագան, վստահելով ժողովուրդի ողջախոհութեան եւ զայն կեանքի կոչող եւ խթանող ազգային եւ դատարկաբանութիւնները յաղթահարած մտաւորականութեան:

Չենք յիշեր, մոռցած ենք, կ՛ուզենք մոռնալ պաղեստինցիներու ղեկավար Եասեր Արաֆաթի խօսքը` ֆրանսական թերթի մը լրագրողին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին. «Ես իմ ժողովուրդիս խնայեցի հայերու ճակատագիրը»: Կ՛ակնարկէր պաղեստինեան քեմփերու մէջ գոյութեան եւ հոն տիրող կեանքի դժուար պայմաններուն: Այսինքն պայքարող ժողովուրդ ունենալու համար առաջքը առաւ իր ժողովուրդի քաղքենիացման, յաջողութիւն եւ յառաջդիմութիւն չհամարեց անոնց բնակեցումը Քոթ տ՛Ազիւր, Պեւըրլի Հիլզ, Մանհաթան, Փունթա տել Էսթէ: Մեր «ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւնները քաղքենիացումը յաջողութիւն համարեցին եւ ժողովուրդը հեռացաւ «հայրենատիրութենէ»:

Եւ այս կամ այն դուռը կը բախենք` յուսալով, որ ուրիշներ մեր փոխարէն «շագանակները կրակէն պիտի հանեն», Հայաստան եւ Արցախ պաշտպանեն: Այդ ընելու համար մեր երեք առաւել տասը կամ առաւել միլիոնները հայրենատէր եղա՞ն, «ղեկավարութիւնները զանոնք առաջնորդեցի՞ն, ո՛չ բեմական-հռետորական, այլ` իրաւ  հայրենատիրութեան ճամբաներով: Հայրենիքի տիրութիւն ընել եւ ինքնութիւն պահել «էսթեպլիշմընթային» շաբաթավերջի խաղ չէ, պէտք չէր ըլլար եւ չըլլայ:

Comments are closed.