Արցախի Մէջ Տիրող Այս ընթացքին՝ բանակումը նոյնպէս փորձութիւն էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն համար

2019 Օգոստոս 22-ին Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած էր Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի հիմնադրումը, որով Արցախի սկաուտները միացան համաշխարհային հայ սկաուտական ընտանիքին։ Ցաւօք, անոր յաջորդած իրադարձութիւնները՝ թագաժահրի համավարակը, այնուհետեւ՝ 44-օրեայ պատերազմը, մեծ խոչընդոտ հանդիսացան կառոյցի զարգացման եւ ընդլայնման համար, որով պայմանաւորուեցաւ մասնաճիւղին տկար գործունէութիւնը։

Պատերազմէն ետք սկաուտական աշխատանքներուաշխուժացման, առաջնորդ սկաուտներ պատրաստելու առաքելութեամբ Արցախ ժամանեց սկաուտական խմբապետուհի ՄարօՔեշիշեանը: Քոյր Մարոյին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական եւ Արցախի մեկուսի վարչութեան ներդրած ջանքերով այսօր ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի մասնաճիւղը աշխոյժ գործունէութիւն ունեցող կառոյց է։

Արցախի համար այս դժուարին ժամանակներուն մէջ անգնահատելի է ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը բարոյապէս բարձր արժանիքներով եւ ազգային նկարագրով հայրենիքին ծառայելու պատրաստ քաղաքացիներ պատրաստելու հարցով։

ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի մասնաճիւղիգործունէութեան եւ վերջերս կազմակերպած սկաուտական-խմբապետական բանակումին մասին «Ապառաժ»ը հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ ԱրմոնտԹահմասեանի եւ խմբապետ ԱլիոնաՅակոբճանեանի հետ։

Յատկապէս այս օրերուն՝ ՀՄԸՄ-ը Արցախի մէջ կ“իրականացնէ իր գործունէութիւնը, նախեւառաջ՝ նպատակ ունենալով այս իրավիճակին՝ օգնել երեխաներունաւելի ուրախ կազմակերպելու իրենց առօրեան, ստանալ նոր գիտելիքներ ու հմտութիւններ, նշած է Ա. Յակոբճանեան։

Այս տարի Յուլիս 2-7 տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ սկաուտական խմբապետական բանակումը, որ Արցախի մէջ 2-րդն էր։

«Նմանատիպ առաջին բանակումը կազմակերպուած էր նախորդ տարի։ Քոյր ՄարօՔեշիշեանը,որ եկած էր ԱՄՆ-էն, վերակազմակերպեց ՀՄԸՄ Արցախի կառոյցը, ստեղծեց խմբապետական կազմ, որոնք մէկ տարի շարունակ գիտելիքներով զինուելով, այս ամրանպատրաստուած եկան սկաուտական խմբապետական բանակումի»,ըսած է Ա. Յակոբճանեան։

Անորխօսքով՝ բանակումին ընթացքին սկաուտներուն ամենասիրելի պահը հերթապահութիւնն էր։ «Անոնքշուրջօրեայ հերթապահութիւն կ“ընէին բանակավայրի տարբեր մասերուն մէջ՝ հսկելով ՀՄԸՄ-իդրօշը, որ ամենակարեւորն էր բանակումի ընթացքին», նշած է Ա. Յակոբճանեան։

Ալիոնա Յակոբճանեան նշեց, որ բանակումին ընթացքին սկաուտներու շարքերը համալրած են 3 նորագիրներ, իսկ սկաուտներէն 3-ին կոչումներն ալ բարձրացած են առաջնորդէն դառնալով վարիչ առաջնորդ։

«Այս բանակումը խմբապետներուն համար եւս վերապատրաստման շրջան էր, որպէսզի հետագային կարենան ինքնուրոյն կերպով կազմակերպել յաջորդ բանակումը նորեկներուն հետ, որ տեղի պիտի ունենայՅուլիս 23-28։ Շուրջ 100 պատանիի համար սկաուտները պիտի կազմակերպեն բանակում,ուր իրենք պիտի ըլլան պատասխանատուները»,յայտնած է Ա. Յակոբճանեան։

Ըստ իրեն՝ շրջափակման պայմաններուն մէջ բաւական խոչընդոտներու հանդիպեցան բանակումը կազմակերպելու ընթացքին՝ հաշուի առնելով յատկապէս սնունդի բացակայութիւնն ու վառելանիւթի սղութիւնը, սակայն, ամէնպարագայի՝ բանակումը յաջողութեամբ կեանքիկոչուեցաւ։

«Արցախի համար դժուարին այս պայմաններուն մէջ բանակումը նոյնպէս փորձութիւն էր սկաուտներուն եւ պատասխանատու կազմին համար, զորմենք կրցանքպատուովյաղթահարել: Բանակումի 5 օրերը անմոռաց կը մնան սկաուտներունյիշողութեան մէջ, որպէս այս մշուշոտ ներկայինլուսաւորդրուագ մը», նշած է Ա. Յակոբճանեան:

ՀՄԸՄ Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ ԱրմոնտԹահմասեան եւս նշած է, որ պատերազմը բաւականին բացասական ազդեցութիւն թողած է ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն կազմակերպման վրայ։

«Պատերազմէն ետք որոշ սկաուտներ տեղափոխուեցան արտասահման, խնդիր առաջացաւ կառոյցը կրկինվերաշխուժացնելու։ Քոյր Մարօ Քեշիշեանիհնգամսեայ աշխատանքին արդիւնքով մենք ունեցանք այն կորիզը, որուն վրայ հիմնուելովալ մենք այսօր կը կազմակերպենք մեր աշխատանքները»,ըսած է Ա. Թահմասեան։

Անորխօսքով՝ կառոյցը այսօր ոչ թէկ“առաջնորդուի քանակական աճ ապահովելու ուղղութեամբ, այլ տեսական եւ գործնական գիտելիքներով օժտուած սկաուտներ պատրաստելու ուղղութեամբ։

«Յատկապէս այս բանակումին, թէկուզ եւ սեղմ ժամանակաընթացքին, ծրագրեցինք եւ կրցանք իրականացնել մեր նպատակները։ Սկաուտները պէտք է գիտելիքներ ունենան թէ՛ գործնական, թէ՛ տեսական, որոնք հետագայինանպայմանօրէն կը ստուգուին քննութիւններու միջոցով», նշած է ան։

Ա. Թահմասեանիխօսքով՝ բանակումին նպատակը վարիչ-առաջնորդներ պատրաստելն էր։ «Մեր գործը անոնցսորվիլ սորվեցնելն էր։ Բանակումին ընթացքին հիմնականօրէն ազգային գաղափարախօսութեան եւ կարգապահութեան վրայկեդրոնացնել։Անոնք սորված են ենթարկուիլհրամաններուն, անհարկի չխօսիլաւելի շատ լսել, ընկալել, սորված են դիմանալ դժուարութիւններուն ու կոփուիլ։

Բանակումին ընթացքին ձեռք բերուած հմտութիւններով՝ առաջնորդները մեր վերահսկողութեամբ պիտի կազմակերպեն բանակում, եւ արդէն իրենք պէտք է իրենց գիտելիքները փոխանցեն նորեկներուն»,ըսած է Ա. Թահմասեանը։

Ան ճամբարը արդիւնաւէտ համարեց՝ հաշուի առնելով կարճ ժամանակամիջոցին տեսանելի յառաջխաղացումը, համարելով որ բացթողումներ բոլորն ալ կ“ունենան։

Խօսելով սկաուտներուն ոգեւորութեան եւ առաջացման ձգտման մասին՝ Ա. Թահմասեանը նշած է, որ առաջնորդներուն հետ առանձին հանդիպումները կը ստիպենմիւսները, որ ցանկութիւն ունենան նմանելուանոնց։

«Աստիճաններով բարձրանալու համար անոնք պէտք է սորվին եւ համապատասխան գիտելիքներ ունենան։ Շաբաթական ծրագիրներունինք տեսական եւ գործնական դասընթացքներով, որոնք կ“ամփոփուին քննութիւններու միջոցով։ Այդ ամէնէն բացի,անոնցկարգապահութեան ուշադրութիւն կը դարձնենք՝ նախքան կոչումը բարձրացնելը», եզրափակած է ան։

Վահագն Խաչատրեան

Comments are closed.