Ազդել եւ հակազդել. Հայ Դատ

Հայ դատը մեր պատկերացումներուն մէջ կը ներկայանայ քանի մը երեսներով, որոնց ամենէն ցայտունները, այսինքն ամենէն աւելի աչքառուները բողոքի ցոյցերն են, քաղաքական դէմքերու հետ յարաբերութիւնները, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումի ապրիլեան միջոցառումները։ Կայ սակայն ուրիշ երես մը, որուն մասին շատ չի խօսուիր, որ յաճախ նաեւ չ՚երեւիր, որ սակայն նոյնքան կենսական է, եթէ ոչ աւելի՛ կենսական քան մնացեալ բոլոր աշխատանքները միասին առնուած։

Ո՞րն է այդ երեսը։

Այդ՝ քարոզչութեա՛ն մարզն է, եւ եթէ յօդուածիս վերնագրին մէջ այլ բառեր գործածեցի, անոր համար է, որ «քարոզչութիւն» եւ «հակաքարոզչութիւն» կրնան մեր միտքը տարբեր ուղղութեամբ տանիլ։ Անոնք երբեմն նոյնիսկ ժխտական իմաստ ալ կրնան առնել, այդ պատճառաւ որոշեցի ապաւինիլ «ազդեցութիւն» եւ «հակազդեցութիւն» եզրերուն, անոնցմէ բխած բայերուն։

Այո՛, ազդել եւ հակազդել։ Գործունէութեան ի՜նչ անսահման դաշտ մը, որ դժբախտաբար գրեթէ կոյս կը մնայ, ամայի, անոտնակոխ։ Մինչդեռ ան կրնայ դառնալ, պէ՛տք է դառնայ համայն մեր կարողականութիւնը գործի լծող մարզը։

Ի՞նչ պէտք է հասկնանք այդ երկու բառերով կամ բառ-յղացքներով։

Ազդելը։

Տեղեկացնել ճշմարտութիւնը։ Բացայայտել իրականութիւնը։ Ցոյց տալ՝ ի՛նչ պատահած է, ի՛նչ կը պատահի, ի՛նչ պիտի պատահի։ Իրազեկե՛լ։

Կասկած չկայ, ամեն հայ կրնայ իր ներդրումը ունենալ այս առնչութեամբ, եթէ անշուշտ նախապէս նաեւ աշխատանք տարուած է զինք լաւատեղեակ պահելու մեր պատմութեան, մշակոյթին, ներկայ անցուդարձերուն։ Հոս արդէն կու գայ ներքին ազդեցութեան՝ դաստիարակութեան հարցը, որ ներկայ յօդուածին նիւթէն դուրս է այս անգամ։

Բայց այս մարզին մէջ ի հարկէ պայքարի առաջնագիծին վրայ կանգնողները գրողներն են, հրապարակագիրները, պատմաբանները եւ ընդհանրապէս մտաւորականութիւնը. անոնք անդադար պիտի գրեն, խօսին, բարձրաձայնեն Հայ դատի մասին։ Անոնցմէ ոմանք իրենց ամբողջ կեանքը պիտի նուիրեն այդ նպատակին, ինչ որ կը նշանակէ նաեւ անոնց տէր ըլլալ, անոնց ապրուստը ապահովել։ Անաղմուկ, նոյնիսկ ծածուկ՝ ուշադրութիւն չգրաւելու եւ խանգարիչ ազդակները հեռու պահելու համար։ Կը նշանակէ տարեկան նախահաշիւ ունենալ այս նպատակին համար։ Հիմնադրա՛մ։ Թերեւս կը նշանակէ նաեւ աւելի խնայողական ըլլալ այլ մարզերու մէջ։

Առանց ստորագնահատելու անհատական նախաձեռնութիւնները, այս պէտք է ըլլայ հաւաքական ծրագրուած աշխատանքի արդիւնք, որակի տեսակէտէն՝ բարձրագո՛յն մակարդակի վրայ։

Իսկ հակազդե՞լը։

Հետեւիլ, գիտնալ թէ ի՛նչ կ՚ըսեն ուրիշներ՝ թշնամիներ կամ բարեկամներ, եւ հակադարձել, սրբագրել, ամրակայել ի հարկին։ Չէ՞ որ գրուած, արտասանուած իւրաքանչիւր խօսք կրնայ ճշմարտութիւն նկատուիլ եթէ չառարկուի, կամ մոռացութեան տրուիլ եթէ չկրկնուի, չտարածուի։

Եւ ահա գործունէութեան ա՛լ աւելի լայն դաշտ մը, ուր իւրաքանչիւր հայորդի կրնայ ներդրում ունենալ։ Իւրաքանչիւր հայորդի՝ եթէ զինուած է այդ ուղղութեամբ, զինուորագրուա՛ծ։

Այս կը նշանակէ հետեւիլ մամուլին, գրաւոր թէ բանաւոր, պատրաստ ըլլալ միջամտելու օրի՛ն, երբեմն նոյնիսկ նոյն պահուն, եւ ձեռքի տակ ունենալ անհրաժեշտ նիւթերը զանոնք տեղին համաձայն հայթայթելու համար։ Այս ալ կը նշանակէ ունենալ ծրագրում թէ՛ տեղական, թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ համաշխարհային առումով։ Կը նշանակէ ունենալ տեղեկատուական գրասենեակ, արխիւ ու մանաւանդ ցանց, հազարաւոր, տասնեա՛կ հազարաւոր  անդամներէ բաղկացած ցանց։ Ահա ձեզի կամաւոր բանակ, անպարտելի՛ բանակ։ Այո՛, այս ալ նիւթական կռուաններու կը կարօտի։ Ի՞նչը կ՚արգիլէ մեզի, որ գոյացնե՛նք այդ կռուանները։

Գոյացնենք համախմբելով մեր ուժերը՝ օգտուելու համար մեր ամբողջ ներուժէն, այդ ըլլայ մարդկային թէ նիւթական։

Հայ դատը միայն մէկ կուսակցութեան ճիտին պարտքը չէ։ Համայն հայութեան պարտականութիւնն է անոր հետապնդումը։ Եւ միայն Սփիւռքի ուսերուն չի ծանրանար։ Հայաշխարհի՛ բեռն է, որ պիտի տանինք բոլորս միասին։

Ամենէն առաջ, սակայն, պէտք է հաւատալ, որ ԴԱՏ ունինք։

Այլապէս ոչ կրնանք ազդել, ոչ ալ հակազդել, այլ միայն ազդուիլ…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Հորիզոն», 2023 ապրիլ (բացառիկ)

Comments are closed.