Projet Montréal կուսակցութեան ղեկավար եւ Մոնթրէալի քաղաքապետի թեկնածու Լիւգ Ռապուէն եւ իր խումբը հանդիպում ունեցան Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ

Կիրակի,12 Հոկտեմբեր 2025-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Projet Montréal կուսակցութեան ղեկավար եւ Մոնթրէալի քաղաքապետի թեկնածու Լիւգ Ռապուէն եւ իր խումբը՝ Էմիլի Թուիէ (Ahuntsic–Cartierville շրջանի թեկնածու), Եուսէֆ Շուֆան (Saint-Laurent շրջանի թեկնածու), Գարօլին Արսլանեան (L’Île-Bizard–Sainte-Geneviève շրջանի թեկնածու) եւ Անն-Մարի Քապոնկօ (Cartierville շրջանի թեկնածու), այցելեցին Մոնթրէալի Հայ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնին յարկէն ներս գործող միութեանց աշխատանքներուն եւ ներդրումին:

Այցելութեան ընթացքին իրենց ընկերացան Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յարութ Դաւիթեան եւ անդամներ՝ Թամար Շամլեան եւ Աւօ Քէշիշեան, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեան եւ Սուրբ Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ Նուշիկ Էլոյեան:

Կեդրոնէն ներս շրջագայութեան աւարտին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն, կոմիտէի եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի զոհերուն յիշատակին միջոցառումներու իրագործման կարելիութիւնները քաղաքապետարանէն ներս, հայկական մշակութային ձեռնարկներու շարունակականութեան ապահովումը, համայնքային կրթական եւ այլազան ծրագիրներու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան ներգրաւման նպատակաուղղուած ծրագիրներու մշակումը, որոնց հանդէպ անսակարկ աջակցութիւն խոստացան պատուիրակութեան անդամները:

Նշենք, որ յառաջիկայ Նոյեմբեր ամսուն 2-ին տեղի պիտի ունենան Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան

«Հորիզոն»

Լուսանկարը՝ Մայք Թաշճեանի