iOS Համակարգի Հայերէն Ուղղագրիչ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ iOS համակարգի հայերէն ուղղագրիչը արդէն տրամադրելի է եւ անվճար ներբեռնելի App Store-էն։ Քանի մը ամիսէն պատրաստ պիտի ըլլայ նաեւ Android համակարգի ուղղագրիչը։

Հայերէն լեզուն կենսունակ պահելու եւ թարմացնելու մեր յարատեւ ջանքերուն պարունակին մէջ, Նայիրիստեղն— iOS-ի ստեղնաշար-ուղղագրիչը — անհրաժեշտ քայլ մըն է։ Ան կ՚ամրապնդէ հայերէնի տեղը թուային աշխարհին մէջ, ըլլալով ա՛յն գործիքը որ կը դիւրացնէ հայերէնի գործածութիւնը տարբեր հարթակներու վրայ, ընկերային եւ հաղորդակցութեան զանազան ցանցերու մէջ (Facebook, Instagram, Whatsapp եւ Messenger), ինչպէս նաեւ Pages, Notes եւ աւելին։

Այս անկիւնադարձային եւ անհրաժեշտ գործիքը ստեղծուած է Nayiri.com-ի կողմէ եւ կառուցուած է HySpell-ի հիմքերուն վրայ։ Այս առաջին թողարկումով, Նայիրիստեղն-ը կը բանի դասական ուղղագրութեամբ, հայերէնի երկու լեզուաճիւղերուն համար՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն։ Ուղղագրիչը կը ներառէ աւելի քան 150,000 բառոյթ, որուն շնորհիւ կը ճանչնայ հինգ միլիոն բառաձեւէ աւելի։ Առկայ ստեղնաշարը պատրաստուած է արեւմտահայերէնի համար։ Յառաջիկայ թողարկումները պիտի ընդգրկեն տարբեր ստեղնաշարեր, ներառեալ hայաստանեան ուղղագրութեան համար:  

Հայկական Բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի խօսքերով՝ «Արհեստագիտութեան եւ լեզուի կապակցութիւնն է որ հայերէնը կենսունակ, գրաւիչ, եւ 21-րդ դարուն առնչելի պիտի պահէ։ Վստահ ենք որ ուղղագրիչը պիտի մղէ որ շատ մարդիկ ամէնօրեայ դրութեամբ հայերէն գրեն։ Շնորհակալ ենք Nayiri.com-ին այս բարդ գործը ստանձնելու եւ կատարելու համար»։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ gulbenkian.pt/armenian-communities/

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.