Saturday, May 10, 2025

Շաբաթական Աստղագուշակ

Յունիս 6 -12

Horizon Weekly Newspaper

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)

Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած սէրը պիտի թակէ սրտիդ դուռը, ուրախութիւնդ անսահման պիտի ըլլայ, բաց սրտիդ դռները եւ ապրէ՛ նոր կեանք մը՝ սիրով եւ ցնծութեամբ լի: Տէր եղիր այս սիրոյն, որովհետեւ այսքան անկեղծ սէր քիչ կը հանդիպի կեանքի ընթացքին:

Horizon Weekly Newspaper

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)

Երկար ժամանակէ ի վեր ընտանիքէդ հեռու ես, անոնք առանձին կը զգան առանց քեզի, վերադարձի՛ր իրենց քով եւ սիրով պարուրէ ընտանեկան մթնոլորտը, որպէսզի ջերմանայ օճախդ: Որքան ալ խճողուած ըլլայիր այսքան հեռանալու չէիր ընտանիքէդ:

Horizon Weekly Newspaper

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)

Այս շաբաթ չափազանց խճողուած ես, հիւրեր կ’ընդունիս հեռաւոր երկիրներէ, ընկերներ, բարեկամներ եւ ազգականներ: Ընտանեկան եւ ընկերային շատ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ հաճելի ժամանակ պիտի անցընես:

Horizon Weekly Newspaper

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)

Երկար արձակուրդը հաճելի չթուեցաւ քեզի, ձանձրոյթ պատճառեց: Հետեւաբար հաւաքէ՛ ուժերդ եւ վերադարձիր աշխատանքիդ՝ նոր թափով եւ աշխուժութեամբ: Գործընկերներդ ալ անհամբեր քեզի կը սպասեն, որովհետեւ սիրուած ես բոլորին կողմէ:

Horizon Weekly Newspaper

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)

Ճամբորդութիւն մը պիտի վերաթարմացնէ ուժերդ, փորձէ ամենամօտ ատենին արձակուրդ մը առնել եւ հանգստանալ: Ընտանեկան դժուարութիւններ պիտի ունենաս այս շաբաթ, փորձէ համբերատար եւ փափկանկատ ըլլալ:

Horizon Weekly Newspaper

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)

Գործերդ կուտակուած են, շատ խճողուած ես, եթէ այսպէս շարունակես՝ պիտի թերանաս, եւ գործատէրդ պիտի դժգոհի: Անմիջապէս դասաւորէ գործերդ, սկսի՛ր ամենէն կարեւորէն, որպէսզի կարգով կարենաս ամբողջացնել զանոնք:

Horizon Weekly Newspaper

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)

Նոր անձի մը հետ ծանօթութիւն պիտի ունենաս, որ շուտով բարեկամութեան պիտի վերածուի: Այս բարեկամութիւնը տարիներ պիտի տեւէ, հետեւաբար մտահան չընես ծանօթութեան առիթն ու վայրը, յետագային միշտ պիտի յիշես զանոնք:

Horizon Weekly Newspaper

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)

Երկար ատենէ ի վեր գործի ասպարէզիդ մէջ պաշտօնի բարձրացում կը սպասես: Այս շաբաթ պիտի արժանանաս անոր: Այդ մէկը քեզի նոր թափ եւ աշխուժութիւն պիտի շնորհէ, եւ վերանորոգուած ոգիով պիտի շարունակես գործդ:

Horizon Weekly Newspaper

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)

Միշտ հետեւէ՛ ներքին զգացումներուդ, անոնք քու ճամբադ կ’ուղղեն: Շուրջիններուդ խրատները անտեսէ՛, որովհետեւ վերջերս շրջապատուած ես նախանձոտ մարդոցմով: Զգոյշ եղիր այս շրջանին:

Horizon Weekly Newspaper

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)

Երկար ատենէ ի վեր միայն գէշ լուրեր կը ստանաս: Այս շաբաթ սակայն միայն լաւ լուրեր պիտի լսես, հոգեկան վիճակդ կը բարելաւուի, եւ տրամադրութիւնդ բարձր պիտի ըլլայ: Ուրախութիւնդ բաժնեկցիր ընկերներուդ հետ:

Horizon Weekly Newspaper

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)

Հաճելի արձակուրդ մը կ’երազես, սակայն այս շրջանին պիտի չկարենաս առնել: Աշխատանքային դժուար եւ ծանրաբեռնուած ժամանակաշրջան մը կը սպասէ քեզի: Զա՛նց առ երազային ծրագիրներդ եւ կեդրոնացի՛ր աշխատանքիդ վրայ:

Horizon Weekly Newspaper

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)

Աշխատանքը մտային եւ մարմնային լաւագոյն մարզանքն է, հետեւաբար հաշտ եղիր քեզի վիճակուած աշխատանքին հետ եւ համակերպի՛ր: Մօտօրէն արձակուրդ պիտի առնես, հետեւաբար գործերդ կարգաւորէ եւ պատրաստուէ՛ արձակուրդի:

Մեր Գործընկերները

Subscribe to our newsletter

Footer Subscribe
Horizon Weekly Newspaper

Welcome

...