COP29-ին ընդառաջ Հայ Դատի համակարգին աշխատանքները
Նոյեմբեր 11-22, 2024-ին, Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Բաքուի մէջ պիտի գումարուի ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան համաժողովը (COP29), որուն կ՚ակնկալուի որ մասնակցին կառավարական հազարաւոր պատուիրակներ, լրագրողներ եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ազրպէյճան այս համաժողովը կ՚օգտագործէ մոլորոցնելու միջազգային հանրային կարծիքը իր էութեան մասին։
Միաժամանակ, այս համաժողովը առիթ է, որ ներկայացնենք Ազրպէյճանի իսկական՝ ցեղասպանական, ռազմատենչ, ամբողջատիրական հակաժողովրդավարական էութիւնը, բարձրաձայնելով նաեւ կլիմայի փոփոխութեան մէջ Ազրպէյճանի բացասական վարքագիծի մասին։
Հայ Դատի համակարգը —յանձնախումբեր եւ գրասենեակներ— այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք արդէն սկսած են իրականացնել յատուկ մշակուած ծրագիր՝ հասնելու համար այն բոլոր շրջանակներուն՝ կառավարական, քաղաքական, հասարակական եւ լրատուական, որոնք որեւէ չափով առնչուած են COP-29-ին։ Այդ աշխատանքներուն նպատակն է շեշտել արցախցիներու վերադարձի իրաւունքը, մղել նշեալ շրջանակները ազդեցութիւն բանեցնելու Ազրպէյճանի վրայ՝ պահանջելով Արցախի մէջ իր գործադրած ցեղասպանական արարքներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս իր ներխուժումին, եւ հայ գերիներու անօրէն պահպանելու հարցերով իր հայատեաց քաղաքականութիւնը փոխել։
Այս աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն վերապահուած է իւրաքանչիւր հայու, որ ընկերային ցանցերու (social media) վրայ օգտատէր է։ Կոչ կ՚ուղղենք բոլորին, որ ընկերային ցանցերով այս նպատակով օտար լեզուներով գրառումներ կատարեն, միաժամանակ օգտագործելով առնուազն այս չորս hashtag-ները. #COP29Exposed , #COPout29 , #COP29 , #COP29Azerbaijan ։ Այս կայքէջէն (https://copout29.com/) կրնաք վերցնել Հայ Դատի համակարգին կողմէ պատրաստուած կարգ մը գծանկարներ եւ պատկերիզներ, որոնք կ՚արտայայտեն մեր տեսակէտները։ Խիստ կարեւոր է բոլոր գրառումներուն եւ կամ գծանկարներուն հետ օգտագործել վերոյիշեալ hashtag-ները։
Մեր տեսակէտները բարձրաձայնելու համար յարմար առիթ են նաեւ յառաջիկայ օրերուն մեկնարկող 2024-ի Ողիմպիական Խաղերը, Փարիզի մէջ։
Ընկերային ցանցերու վրայ, հայկական շրջանակներու հետ համագործակցաբար, նման աշխատանքի մասնակից է նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոն։ Այս առիթով հայութեան ուղղուած իր ուղերձը Օքամփոն կ՚եզրափակէ գրելով. «Միջազգային հանրութեան ջանքերը միաւորելով՝ դուք կարող էք հասնել նրան, որ COP-29-ում դիտարկուեն ոչ միայն կլիմայի փոփոխութեան, այլեւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան և արդարութեան հարցերը: Հայեր, ժամանակն է լինել փոփոխութիւնների առաջամարտիկը: Գրառումներ արէ՛ք, մեկնաբանէ՛ք եւ բարձրացրէ՛ք ձեր ձայնը: Ձեզ կը միանան շատերը, այդ թւում՝ ես»:
Քաղաքական հանրայայտ դէմքեր, միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններ արդէն իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են COP29-ի Բաքուի մէջ գումարուելուն առնչութեամբ։ Ոմանք նոյնիսկ կոչ ըրած են պոյքոթելու այդ նախաձեռնութիւնը։
Հանրութիւնը տեղեակ պահելու համար, մենք պարբերաբար կ՚անդրադառնանք այս աշխատանքներուն։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Comments are closed.