Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանի փոխ տնօրէնութեան պաշտօն
Հ.Օ.Մ.-ի Ամէնօրեայ Վարժարանը սիրով կ‘ընդունի փոխ տնօրէնութեան պաշտօնի դիմումնագրեր:
Փոխ Տնօրէնին Պարտականութիւնները.
– Կը հսկէ եւ կ՚օժանդակէ ուսուցիչներուն առօրեայ աշխատանքներուն (գործադրել կարգապահական օրէնքները եւ կանոնները, ճշդել ներկայ-բացակայութիւնը, արտադասարանային աշխատանքները) եւ կը թելադրէ անհրաժեշտ բարելաւումներ:
– Կը պատրաստէ եւ կը գործադրէ ուսուցիչներու դադարի եւ ճաշապահերուն հսկողութեան ժամանակացոյցը:
– Գործակցաբար Տնօրէնին՝ կը կազմակերպէ եւ կը վարէ ուսուցիչներու հետ պարբերական ժողովներ՝ ճշդելու եւ լուծելու կարգապահական հարցեր՝ անհատական փոխ-յարաբերութիւններ եւ այլ աշակերտական հարցեր:
– Կը կազմակերպէ եւ կը հսկէ արտադասարանային աշխատանքներուն կամ մասնաւոր ձեռնարկներուն, որոնք ծրագրուած կամ արտօնուած են Տնօրէնին կողմէ, աշխատակցութեամբ ուսուցիչներուն եւ այլ մասնագէտներուն:
– Փոխ Տնօրէնը կը ստուգէ աշակերտներուն եւ անձնակազմին բացակայութեան պատճառները եւ կը ճշդէ անհրաժեշտ լուծումներ:
Թեկնածուն պէտք է՝
- Ունենայ նուազագոյնը՝ մագիստրոսի վկայական (կրթութեան ծիրէն ներս նախընտրելի)
- Լաւատեղեակ ըլլայ Օնթարիօ նահանգի Կրթութեան նախարարութեան ծրագիրներուն
- Ունենայ 5-10 տարուայ ղեկավարութեան փորձառութիւն վարժարանէ մը ներս
- Ունենայ ուսուցչութեան փորձառութիւն
Հաճեցէք ձեր ինքնակենսագրականները (Resume) ուղարկել՝ jobs@arsdayschool.ca հասցէին մինչեւ 31 յուլիս 2017: