CCAF-ի ընտրութիւններ. Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի գլխաւորած ցանկը յաղթանակ ապահովեց
- (0)

Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) անցումային Ազգային վաչութիւնը յայտարարեց կազմակերպութեան նոր Ազգային խորհուրդի ընտրութեան նպատակով կազմակերպուած առաջին համագաղութային առցանց քուէարկութեան արդիւնքները։
Առցանց քուէարկութիւնը, որ տեղի ունեցաւ փետրուար 6-էն 8-ը, արձանագրեց 92 առ հարիւր մասնակցութիւն։ Գրանցուած 1,587 ընտրողներէն քուէարկեցին 1,454-ը, ներառեալ՝ 22 ճերմակ քուէաթերթիկներ։
Ըստ ընտրական յանձնաժողովին կողմէ հաստատուած արդիւնքներուն՝ Մուրատ Փափազեանի եւ Արա Թորանեանի գլխաւորած «Unis pour l’Arménie» ցանկը ստացաւ քուէներու 69.06 առ հարիւրը՝ 989 քուէով, մինչ «Rassembler Construire Transmettre» ցանկը հաւաքեց 443 քուէ, այսինքն՝ 30.94 առ հարիւրը։
Ընտրական կանոնակարգին համաձայն՝ «Unis pour l’Arménie» ցանկէն եօթը թեկնածու եւ «Rassembler Construire Transmettre» ցանկէն երեք թեկնածու պիտի զբաղեցնեն Ազգային Խորհուրդի աթոռները։
CCAF-ի պատասխանատուները նշեցին, որ քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է կանոնաւոր եւ թափանցիկ պայմաններու մէջ՝ զայն բնորոշելով իբրեւ ֆրանսահայ համայնքի համընդհանուր ընտրական իրաւունքի դրսեւորման առաջին փորձառութիւն։ Ազգային խորհուրդը յայտարարած է նաեւ, որ նոր ընտրուած կազմը յառաջիկային պիտի գումարէ իր առաջին նիստը՝ սկսելու կազմակերպութեան առաջնահերթութիւններուն եւ նպատակներուն շուրջ աշխատանքը։