Յեղաշրջման Փորձ կատարած Թուրք Զինուորականին Տունէն Բագրատունիներու Մասին Գիրք Մը Յայտնաբերուած է
Ապրիլ 12, 2017Թուրքիոյ մէջ 2016-ի Յուլիս 15ի յեղաշրջման փորձի կազմակերպման մէջ մեղադրուող գլխաւոր կասկածեալներէն զօրավար էրհան Ճահայի տունէն յայտնաբերուած է «Օսմանեան կասրութենէն մինչեւ հանրապետութիւն ծպտեալ հրէաներն ու բագրատունիները» գիրքը: Ըստ «Նիուզ»-ի՝ թրքական Anadolu գործակալութիւնը կը փոխանցէ, որ 2016–ի Յուլիս 15–ի յեղաշրջման փորձի գործի ծիրէն ներս ցամաքային ուժերու հրամանատարուեան մէջ տեղի ունեցած դէպքերու գործով 150 զինուորականներու դէմ պատրաստուած մեղադրական զեկոյցը ներկայացուած է դատարան: Մեղադրական զեկոյցին մէջ ...