«Կիպրական ու հայկական դատերը նոյն նպատակը ունին՝ արդարութիւն, եւ նո՛յն հասցէն՝ Թուրքիա». Արամ Ա. Կաթողիկոս
Յունիս 14, 2017Չորեքշաբթի, 14 Յունիս 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Նիկոս Անասթասիատիս։ Նախագահին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի Արտաքին, Ներքին, Տնտեսութեան եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարները, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահը։ Նորին ...