Ըստ թուրք ազգայնամոլ ղեկավար Կէոքսել Կիւլպէյի՝ Թուրքիոյ մէջ Այսօր կ՚ապրի 37.055 ծպտեալ հայ ընտանիք
Հոկտեմբեր 04, 2017Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ ծաւալած իր գործունէութեամբ եւ հակահայ տրամադրութիւններով յայտնի թրքական «ASİMDER» միութեան նախագահ Կէոքսել Կիւլպէյը անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ բնակող ծպտեալ հայերու հարցին: «Էրմենիհապեր»-ի փոխանցմամբ, Կիւլպէյը նշած է, որ «հայերու տեղահանութեան» (այսինքն` Հայոց Ցեղասպանութեան) ժամանակ իրենց տուներէն հեռանալ չցանկացող հայերը ...