Տէրսիմի քաղաքապետ Մաչօղլու այցելեց Մուսա Լերան Վաքըֆլը գիւղ
Նոյեմբեր 17, 2021Թուրքիոյ առաջին ու միակ կոմունիստ քաղաքապետը այցելեց հայաբնակ Վաքըֆլըգիւղը։ Տէրսիմի կամ պաշտօնական անունով Թունճելի քաղաքի քաղաքապետ Ֆաթիհ Մեհմետ Մաչօղլու Անտիոքի շրջանին կատարած այցելութեան ծիրէն ներս այցելած է Վաքըֆլըգիւղ։ Մաչօղլու դիմաւորուած է թաղական խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի, գիւղապետ Պերճ Քարթունի եւ գիւղի ...