«Պիտի ծառայեմ հայրենիքիս». Հայաստանի մէջ մեկնարկուեցաւ ամառնային զօրակոչը
Յուլիս 03, 2018Հայաստանի մէջ Յուլիս 2-ին մեկնարկուեցաւ 2018 թուականի ամառնային զօրակոչը: առաւօտեան կանուխ ժամերէն ընտանիքներ եկած էին Հայաստանի հանրապետական հաւաքակայան` տղաքը բանակ ճանապարհելու։ Հարազատները ներկայ էին վիճակահանութեան, որուն ընթացքին կ՚որոշուի, թէ իւրաքանչիւրը ո՛ւր պիտի ծառայէ։ ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտատի պետ, զօրաբաժինի ընդհանուր զօրավար ...