Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Սեմին. Գործը Ինքնին Խոստում Է
Նոյեմբեր 19, 2021Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ կենցաղային ահռելի տագնապի մէջ է: Անդամալուծուած է գրեթէ ամէն ինչ: Եւ ամէն օր տեղական եւ շրջանային մակարդակներու վրայ զիրար կը հրմշտկեն Լիբանանն ու լիբանանցին հարուածող անակնկալ կեցուածքներն ու իրադարձութիւնները: Խոստումներն ու յոյսերը տեղատուութիւն կամ ...