ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ԳՈՐԾԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Յունիս 06, 2023Երկուշաբթի, 5 Յունիս 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի Բասդրմաճեան սրահին մէջ, հանդիպեցաւ Մեծն Մոնթրէալի մէջ գործող գործակից Միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Հետեւելով Վեհափառ Հայրապետի 2023 տարուան Հռչակագիրին, կազմակերպուած էր, «Սփիւռք» աշխատանքային հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ, ...