Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը այսօր կու գայ ըսելու, որ յուսահատութենէն անդին՝ կայ յոյս, պարտութենէ դուրս՝ կայ յաղթանակ. Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան պատգամը
Ապրիլ 08, 2023«Փա՜ռք յարու թեան Քո, Տէ՛ր. Ես ոչ դադարեցայց, Փրկիչ, փառաւորել զքեզ զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ»: (Ժամագիրք) Փառք քու Յարութեանդ ո՜վ Տէր։ Այսօր ուրախութեան, յաղթանակի տօնախմբութեան օր է։ Փառք եւ գոհութիւն յայտնելու Աստուծոյ։ Փառք, որովհետեւ քառասնօրեայ պահեցողութեան, աղօթական կեանքի, հոգեւոր ճամբորդութեան աւարտին հասանք։ Փառք, որովհետեւ կորսնցուցածը վերագտնելու, խաթարուածը ...