«Արցախի փրկութիւնը՝ համահայկական առաջնահերթութիւն». Արամ Ա. Վեհափառ
Օգոստոս 14, 2023Ստորեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ Արամ Ա. Վեհափառի Հայրապետական պատգամը Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան առիթով, 12 Օգոստոս 2023ին։ Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Արցախի պարզած ներկայ ճգնաժամային կացութեան։ Շրջափակումի ենթարկուած Արցախէն ներս մեր ազգին զաւակները սովամահ ըլլալու անմիջական վտանգին ենթակայ ...