Արցախի զօրակցութեան քայլերթ Թորոնթոյի մէջ
Սեպտեմբեր 25, 2023Արցախի զօրակցութեան բողոքի ցոյցով թորոնթոհայութիւնը վերահաստատեց պայքարը շարունակելու իր վճռակամութիւնը: Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2023-ին, յետմիջօրէին Տանտասի կեդրոնական հրապարակը ողողուեցաւ թորոնթոհայութեամբ: Ներկայ էին մանուկն ու պատանին, երիտասարդն ու տարեցը: Հայրենիքի կանչն էր կրկին, եւ այս անգամ Արցախի գոյութեան սպառնացող վտանգը: Քայլերթի մեկնարկի առաջին ...