Քոյր Մարօ Քէշիշեան Եւ Եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան Կ’արժանանան ՀՄԸՄ-ի «Արժանեաց» Շքանշանին
Հոկտեմբեր 18, 2023ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներուն առընթեր, Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2023-ի կէսօրին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը պարգեւատրեց վաստակաշատ երկու միութենական։ Սկզբունքով, պարգեւատրումը տեղի պիտի ունենար Պատգամաւորական Ժողովի բացման հրապարակային պաշտօնական հանդիսութեան ընթացքին, սակայն պայմաններու բերումով, բացման հանդիսութեան ջնջումէն ետք, կատարուեցաւ ներքին հանդիպումով ...