Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2024-ի 4-րդ Թիւը` Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Մայիս 01, 2024ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի ապրիլի թիւը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան: Ճակատագիրի դաժան բերումով 21-րդ դարուն կը կրկնուին հայութեան համար հարիւրամեայ վաղեմութեան ողբերգական իրադարձութիւնները, արդարեւ, տեղի ունեցաւ Արցախի բռնագրաւումն ու հայաթափումը, ցեղասպան դրացիները կը փորձեն քայլ առ քայլ զրկել Հայաստանը ինքնիշխանութենէն: Պետականութեան ...