Պոլսոյ Մէջ Ձայնասփիւռի Կայան Մը Պատժուեցաւ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն Բառերը Գործածելուն Համար
Յուլիս 04, 2024Թուրքիոյ զանգուածային լրատուամիջոցները կարգաւորող գերատեսչութիւնը պատիժ մը սահմանեց Պոլսոյ մէջ գործող Acik Radyo ձայնասփիւռի կայանին նկատմամբ, երբ այդ լրատուամիջոցի եթերէն հիւրը խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին` գործածելով «ցեղասպանութիւն» եզրը, զոր կը մերժէ պաշտօնական Թուրքիա։ Ըստ «Ֆրանս Փրես» լրատու գործակալութեան՝ Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ ...