Երեւոյթներ, Փաստեր, Յուշումներ
Դեկտեմբեր 02, 2024Վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ռազմական իրադարձութիւններուն հիմնական շարժառիթներն ու պատճառահետեւանքային գնահատականներ տալը վաղաժամ է տակաւին։ Իրադարձութիւնները որոշ տեղեր իրար կը հակասեն եւ քաղաքական տրամաբանութեամբ եզրայանգումներ կատարելը կը դժուարացնեն։ Կը թուի սակայն, որ քաղաքական համալիրի մը մէկ մասնաշէնքին կառուցումն է, ...