ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՄԻՋԵՒ
Նոյեմբեր 02, 20171 Նոյեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչ եւ Վիէննայի մէջ հաստատուած Ապտալլահ Բ. թագաւորին կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Ֆէյսալ Պին Մուաամմար, ընկերակցութեամբ ութ անձերէ բաղկացած բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը։ Նշենք, որ Դոկտ. Մուաամմար նախապէս դիւանապետն էր Ապտալլահ Բ. ...