Tuesday, November 3, 2026

Լոս Անճըլըսի մէջ վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի պատուիրակութեան հետ

Սեպտեմբեր 23, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Լոս Անճըլըս իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին առանձնաբար հանդիպումներ ունեցաւ աւանդական երեք կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչներուն հետ: Այս առթիւ «Հորիզոն»ի աւագ աշխատակից Սոնա Թիթիզեան կապուեցաւ ՀՅԴ-ի պատուիրակութիւնը գլխաւորող ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեանի հետ, որ զեկուցեց նշեալ հանդիպման մասին: ՀՅԴ ...

Սեպտեմբեր 23, 2019

Քրիստոնէութիւնը հայ ինքնութեան կարեւոր մասը

«Հորիզոն».- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ`Սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագիր մը սկսաւ անցեալ տարի: Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) Հետազօտական ծրագրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին: Առաջին հանգրուանով, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա), Մայիս եւ Յունիս 2018-ին, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին, գլխաւորութեամբ՝ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Այս քաղաքներու հարցախոյզերու արդիւնքները արդէն առցանց հրապարակուած են www.armeniandiasporasurvey.com կայքէջին մէջ։ Այս տարուան հարցախոյզը կը շարունակուի Մոնթրէալի, Արժանթինի,Ռումանիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ «Հորիզոն» յաջորդաբար պիտի հրատարակէ 2018-ի  ուսումնասիրուած հիմնական թեմաներու մասին յօդուածաշարք մը, որոնց անգլերէն տարբերակը ...

Մեր Գործընկերները

Բաժանորդագրվել

Footer Subscribe
Sending

Welcome

...