Եօթանասուն Տարուան Անդուլ Պայքարը Կը Շարունակուի Միեւնոյն Վճռականութեամբ
Նոյեմբեր 25, 2019( Հայ Դատի Պրիւքսէլի հանգանակութեան լոյսին տակ ) ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու մէջ 1944-ին կատարուած ժողովրդային աննախընթաց հանգանակութեամբ մը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հիմը կը դնէր Հայ Դատի իր արհեստավարժ գործունէութեան, հանգանակուած 165000 տոլարի շնորհիւ Նիւ Եորքի մէջ բանալով իր առաջին պաշտօնական գրասենեակը: ...