Փաթեթայինն ու փուլայինը նոյն տապակին մէջ
Ապրիլ 23, 2020Կարօ Արմենեան Ռուսական Դաշնութեան ԱրտԳործՆախարար Պր. Լաւրովի վերջին յայտարարութիւնը պարզապէս կու գայ դիմակազերծելու 2009-էն ի վեր Արցախեան հիմնահարցի միջազգային բանակցութիւններու բեմին վրայ բազմաթիւ արարներով բեմադրուող «փաթեթային լուծման» թատերախաղը։ Լաւրով – այս կէտին վրայ՝ արդէն բացայայտօրէ՛ն և բառերը առանց ծամծմելու– կը յստակացնէ ...