ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻՆՔ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՈՒ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ
Յունիս 17, 2025Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Երեքշաբթի, 10 Յունիսէն մինչեւ Շաբաթ, 14 Յունիս 2025-ին, կայացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը: Այս առիթով նիստերուն հրաւիրուած էին Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու առաջնորդ սրբազան ...