Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Միացեալ Մարմնի հաղորդագրութիւն
Օգոստոս 20, 2020Սիրելի հայրենակիցներ, 2020 թուի Օգոստոս 4-ին, Լիբանանի տնտեսական սուր տագնապի եւ պսակաձեւ ժահրի կրկնակի ճգնաժամին վրայ եկաւ աւելնալու Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը, որու դժոխային հետեւանքներէն անմասն չմնացին մայրաքաղաքի հայաբնակ շրջանները: Այդ ողբերգական օրէն ի վեր, գիտակցելով որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումը պէտք է ...