ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Դեկտեմբեր 16, 2020Համազգայինի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի Շրջանային վարչութիւններու ԺԲ. Եռակողմանի ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2020-ին, կ.ե. ժամը 1:00-4:30, առցանց դրութեամբ։ Ժողովին կը մասնակցէին Կեդրոնական վարչութեան Հիւսիսային Ամերիկայի չորս ընկերները, Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութենէն՝ հինգ, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային ...