Գանատայի դաշնակցային եւ Օնթարիոյի կառավարութիւններու ներդրումով սկիզբ առաւ 3.1 միլիոն տոլար արժողութեամբ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ընդլայնման նախագիծը
Մարտ 12, 2021Մարտ 12-ին, հեռակապով կայացած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին Գանատայի դաշնակցային եւ Օնթարիոյի կառավարութեանց ներկայացուցիչները յայտարարեցին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին սահմանուած պետական նպաստին ու ներդրումին մասին։ Գանատայի Դաշնակցային կառավարութիւնը համայնքներու զարգացման նպատակաուղղուած Community, Culture and Recreation Infrastructure Stream (CCRIS) ծրագրով $1.7 միլիոն տոլար կը յատկացնէ Թորոնթոյի Հայ ...