Wednesday, April 8, 2026

ԿՈՉ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ

Նոյեմբեր 08, 2021

Սիրելի Գանատաբնակ Լիբանանահայ, Լիբանան կը պատրաստուի խորհրդարանական ընտրութիւններու: Գանատայի Տարածքի Հայ Կեդրոնները ձեռնարկած են 21 տարեկանը ամբողջացուցած լիբանանցի քուէարկողներու ելեկտրոնային արձանագրութեան աշխատանքին, այդ ճամբով ապահովելու համար ձեր քուէարկելու իրաւունքը: ինչպէս ﬕշտ, այս անգամ ալ կատարենք ﬔր ազգային պարտականութիւնը։ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԻ՛ՆՔ, ՈՐ ԸՆՏՐԵՆՔ Ներկայացէք ձեր շրջանի ...

Նոյեմբեր 05, 2021

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հրապարակեց 2014 թուականին Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած եւ խոշտանգուած` Տաւուշի մարզի Վերին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ Մամիկոն Խոջոյեանի եւ Չինարի գիւղի բնակիչ Կարէն Պետրոսեանի գործերով վճիռները: Դատարանը հաստատեց, որ Պաքուն խախտած է հայ գերիներու կեանքի իրաւունքը, խոշտանգումներէ, խտրականութենէ զերծ մնալու, ազատութեան, անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքները: Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը իր վճիռով կը պարտադրէ, որ Ազրպէյճան իւրաքանչիւր գործով վճարէ 40 հազար եւրօ: Նշենք, որ 77-ամեայ Մամիկոն Խոջոյեան գերեվարուած էր յունուար 2014-ին, երկու ամիս ետք` 4 մարտին, ան վերադարձուեցաւ Հայաստան, սակայն կարճ ժամանակ ետք մահացաւ: Դատաբժշկական փորձաքննութիւնը ցոյց տուաւ, որ Խոջոյեանի մահուան պատճառը եղած է մարմնի ընդհանուր թունաւորումը: Կարէն Պետրոսեան 7 օգոստոս 2014-ին` մոլորելով, կտրեց սահմանը, յայտնուեցաւ ազրպէյճանական գիւղի մը մէջ: Կարճ ժամանակ անց Ազրպէյճանի իշխանութիւնը զայն ձերբակալեց, յաջորդ օրն ալ յայտարարեց, որ ան մահացաւ սրտի կաթուածէ:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը հրապարակեց 2014 թուականին Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած ...

Մեր Գործընկերները

Բաժանորդագրվել

Footer Subscribe
Sending

Welcome

...