Եղբ. Յարութ Չէքիճեանի «Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը մայր հայրենիքի՝ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ, 1918-1927» աշխատասիրութիւնը կը հարստացնէ միութեան ելեկտրոնային գրադարանը
Մայիս 26, 2025Հ.Մ.Ը.Մ.ի ելեկտրոնային գրադարանը հարստացաւ արժէքաւոր նոր աշխատասիրութեամբ մը, որուն հեղինակն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ՝ եղբ. Յարութ Չէքիճեան։ Աշխատասիրութիւնը կը բացուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Երկու խօսք»ով, ուր կը կարդանք հետեւեալը.- «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատանքով կ’ողջունէ վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր եւ ...