Արամ Ա. վեհափառին պատկերացումը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի վերաբերեալ
Մայիս 02, 2017ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար՝ մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ անցնող տարիներուն Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կարգ մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն։ ...