«Եկեղեցին իր զօրակցութիւնը ժողովուրդին նկատմամբ պէտք է գործնապէս արտայայտէ». Արամ Ա. Կաթողիկոս
Յունուար 28, 2020Երեքշաբթի, 28 Յունուար 2020-ին, Պքէրքէի Մարոնիթ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու հանդիպումը: Հանդիպման նպատակն էր քննել Լիբանանէն ներս վերջին երեք ամիսներուն տեղի ունեցող ժողովրդային ցոյցերը, յատկապէս ժողովրդին պահանջքները եւ պարզել եկեղեցւոյ տեսակէտը: Ներկայ հոգեւոր պետերը իրենց մօտեցումները արտայայտեցին, ...