Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց լիբանանահայ գաղութի ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւնները
Դեկտեմբեր 27, 2024Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու նախօրեակին, հայրական այցելութիւններով իր օրհնութիւնը կը բաշխէ ազգային-ընկերային ծառայութիւն մատուցող հաստատութիւններուն: «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ» Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2024-ին, Նորին Սրբութիւնը այցելեց «Թռչնոց Բոյն»ի փոքրիկներուն՝ խնդակցելով անոնց տօնական ուրախութեան: ...