«Մենք տակաւին կը հաւատանք, որ սուրիահայութիւնը իր ուսերուն կը կրէ հայապահպանութեան մեծագոյն եւ անյետաձգելի առաքելութիւնը». հարցազրոյց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հետ
November 01, 2024Վերջերս Մոնթրէալ կը գտնուէր Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան՝ համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքին, մասնակցելու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան տարեկան համաժողովին, հիւրընկալութեամբ Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ: Այս առթիւ «Հորիզոն»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին Վերապատուելին յայտնեց, թէ այս ժողովը կը համախմբէ աշխարհի ...