«Լիբանանը Սփիւռքի բաբախող սիրտն է». Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի Մարմնի ատենապետ Նորայր Պէրպէրեան
Յունիս 08, 2020Մայիս 23-ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ կոչով դիմեց Գանատահայութեան ու յայտարարեց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմնի կազմութիւնը։ Մայիս 28ին, սկիզբ առաւ նուիրահաւաքի արշաւի մեկնարկը։ Իր առաջին կոչին մէջ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմինը կը նշէ. «Գանատահայութիւնը միշտ լիաբուռն օժանդակութիւն հասցուցած է հոն՝ ...