Գանատայի խորհրդարանի անդամ Էմանուէլլա Լամպրոփուլոս կը դատապարտէ ատրպէյճանական սադրանքները
Յուլիս 21, 2020Հորիզոն - Գանատայի խորհրդարանի անդամ Էմանուէլլա Լամպրոփուլոս Յուլիս 20 թուակիր յատուկ հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական սադրանքները։ Հաղորդագրութեան մէջ Լամպրոփուլոս կոչ կ՚ուղղէ դադրեցնելու ուժի գործադրութիւնը եւ դատապարտելի ու անընդունելի կը գտնէ Մեծամօրի հիւլէակայանը հարուածելու Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան սպառնալիքները։ Հայաստան-Գանատա խորհրդարանական խմբակցութեան ...